Նախագահ Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Նախագահ Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 

Նախագահ Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդիպում ունեցան հաշմանդամ զինուորներու հետ:

«Հերոսները միայն անոնք չեն, որոնք հերոսի կոչում ունին, այլ հերոս են՝ ըստ իրենց ապրած կեանքին, իրենց ոգիով, այն հերոսական յաղթանակով, որ պարգեւած են մեզի։» Նախագահ Սարգսեան:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, 19 Դեկտեմբերին, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը հանդիպում ունեցան խումբ մը երիտասարդ հաշմանդամ զինուորներու հետ: Երիտասարդները վերջին տարիներուն վիրաւորուած եւ հաշմանդամ դարձած են, սակայն կրցած են յաղթահարել իրենց դժուարութիւնները եւ տարբեր ոլորտներու մէջ կայացած են՝ իբրեւ մասնագէտներ:

Ունկնդրէ լուրը

«Առանց երկմտելու կ՛ըսեմ, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը հերոս է: Հերոսները միայն անոնք չեն, որոնք հերոսի կոչում ունին, այլ հերոս են՝ ըստ իրենց ապրած կեանքին, իրենց ոգիով, այն հերոսական յաղթանակով, որ պարգեւած են մեզի։ Դուք բոլորդ յաղթած բանակի զինուորներ էք: Ձեզմէ իւրաքանչիւրին ներդրումով է, որ մենք կրնանք ըսել, որ իսկապէս ունինք մեր տարածաշրջանի ամենահզօր բանակներէն մէկը: Բանակը հզօր է նաեւ իր ոգիով: Երբ բանակը կը կառուցուէր, ձեր հայրերը եւ պապերը կանգնեցան ի պաշտպանութիւն հայրենիքին եւ Արցախին ու յաղթեցին: Այդ յաղթանակի ոգին ուղղակիօրէն կը փոխանցուի յաջորդ սերունդին, անիկա ուղղակիօրէն կը փոխանցուած  է ձեզի՝ այն խորհուրդով, որ ստացած էք ձեր ծնողներէն, այն ոգիով եւ այն ուժեղ կամքով, որ ժառանգած էք ձեր հայրերէն, պապերէն, մայրերէն եւ տատիկներէն: Դուք հայրենիքին տուած էք ձեր կեանքն ու առողջութիւնը, դուք պայքարած էք կեանքի համար եւ յաղթած, անցած էք դժուարութիւններու մէջէն եւ ձեր մէջ պահած էք կեանքի հանդէպ հաւատքը. ձեր կեանքը իմաստաւորուած է»,- ըսաւ նախագահ Սարգսեան։

Հայաստանի նախագահն էական նկատած է, որ վերադարձէն ետք իւրաքանչիւր զինուոր իր տեղը գտնէ կեանքի մէջ, հասարակութեան մէջ ու ապրի արժանապատիւ կեանք: «Կրկին կոչ կ՛ընեմ բոլոր պետական եւ ոչ պետական տարբեր կառոյցներուն՝ ամէն ինչ ընել՝ իրենց մեծ աշխատանքային ընտանիքին մէջ ընդունելու այն հերոսները, որոնք ցանկութիւն ունին եւ կրման իրենց ներդրումը ունենալ այդ աշխատանքին մէջ», յայտնած է ան։

Նախագահ Սարգսեան աւելցուց, որ Հանրապետութեան նախագահին աշխատակազմին մէջ կան երիտասարդներ, որոնք հերոսաբար պայքարած են, ֆիզիքական դժուարութիւններ ունին, բայց ամբողջական կերպով կրցած են իրենց ներդրումը ունենալ աշխատակազմի գործունէութեան մէջ:

«Ժամանակն է, որ դուք վերադառնաք լիարժէք կեանքի: Դուք հերոս եղած էք ռազմի դաշտին վրայ, վստահ եմ, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը հերոս պիտի ըլլայ նաեւ աշխատավայրի մէջ։ Դուք մեր պարծանքն էք, մեր պահապանն ու պաշտպանը, բայց այսօր նաեւ՝ մեր գործընկերն էք: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը դեռ շատ ընելիք ունի հայրենիքի համար, ձեր մեծ յաջողութիւնները առջեւն են», դիտել տուաւ նախագահը:

Հանդիպումէն ետք Սուրբ Վարդան եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ մատուռ-մկրտարանին մէջ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ, կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանք՝ հայրենքի խաղաղութեան եւ անսասանութեան համար։

Այնուհետեւ նախագահն ու վեհափառ հայրապետը ճաշեցին երիտասարդներուն հետ եւ փոխանցեցին իրենց բարեմաղթութիւնները։

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2019, 07:00