Նախագահ Սարգսեան Նախագահ Սարգսեան 

«Արդարութիւնը կարո՛ղ է անընդհատ սպասել իր յաղթանակի օրուան». Նախագահ Սարգսեան

«Կը փափաքիմ խորին երախտագիտութիւնս յայտնել ձեզի եւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամներուն` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի միաձայնութեամբ ընդունման համար

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան 13 դեկտեմբերին ուղերձ  յղեց Ծերակոյտի Հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավար Միթչ ՄըքՔանի, Ծերակոյտի դեմոկրատականներու ղեկավար Չաք Շումըրի, ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեզի եւ Թետ Քրուզի`  Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւի միաձայնութեամբ ընդունման առիթով:

«Կը փափաքիմ խորին երախտագիտութիւնս յայտնել ձեզի եւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամներուն` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի միաձայնութեամբ ընդունման համար, որ հզօր քայլ է` ապագայ ոճրագործութիւններու ու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման առումով:

«Ծերակոյտին որոշումը նշանակալի քայլ է վերահաստատելու, որ ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը եւ մարդկութիւնը կը մնան մարդու հիմնարար իրաւունքներու հիմնասիւներն ու արժէքները:

«Այս առումով ես բարձր կը գնահատեմ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի որոշումը եւ, օգտուելով առիթէն, կը փափաքիմ ձեզի ու ամերիկացի ժողովուրդին յայտնել հայ ժողովուրդի խորին երախտագիտութիւնն ու յարգանքը:

«Համոզուած եմ, որ մենք պէտք է շարունակենք զարգացնել Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական երկխօսութիւնը, աշխուժացնենք երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ ամրապնդենք մեր գործընկերութիւնն ու համագործակցութիւնը բոլոր կարելի ոլորտներուն մէջ», նշուած է նախագահին ուղերձին մէջ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2019, 08:56