«Կորսուած Հայաստան. Ճամբորդութիւն Ժողովուրդի մը յիշողութեան մէջ» գիրքի շնորհանդէսը «Կորսուած Հայաստան. Ճամբորդութիւն Ժողովուրդի մը յիշողութեան մէջ» գիրքի շնորհանդէսը 

Հռոմի մէջ «Կորսուած Հայաստան. Ճամբորդութիւն Ժողովուրդի մը յիշողութեան մէջ» գիրքի շնորհանդէսը 7 դեկտեմբերին.

Հեղինակը լայնօրէն կ՛անդրադառնայ անձամբ այցելած վայրերու պատմութեան ու 1915-ի հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն, հաստատելով որ մարդկային ցեղասպանութենէն անդին այսօր կը շարունակուի «մշակութային» ցեղասպանութիւն մը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վենետիկի Քա Ֆոսքարի համալսարանի  հայկական գրականութիւն եւ լեզուի դասատու  Իտալացի գրագէտ Ալտօ Ֆեռարիի «Կորսուած Հայաստան. Ճամբորդութիւն ժողովուրդի մը յիշողութեան մէջ» հատորը, որուն նախաբանը  կը կրէ Իտալահայ գրող, գիտնական՝ Անթոնիա Արսլանի ստորագրութիւնը, պիտի ներկայացուի յառաջիկայ շաբաթ օր՝ 7 դեկտեմբերին ժամը 16.30-in Հռոմի «Più Libri , più liberi – աւելի գիրքեր աւելի ազատ”  տօնավաճառի ընթացքին։

Ունկնդրէ լուրը

Գիրքի ներկայացումին ելոյթ կ՛ունենան հեղինակը , Անթոնիա Արսլանը եւ իտալացի լրագրողուհի ու հայերու բարեկամ Ֆրանքա Ճանսոլտաթին։

Գիրքին մէջ հեղինակը  կ՛անդրադառնայ ժամանակակից Հայաստանի հանրապետութեան սահմաններէն դուրս գտնուող՝  հազարամեայ պատմութեամբ եւ մշակութային հարուստ արժէքներով հայկական վայերուն, յիշատակի վայրեր՝ որոնք այժմ կը գտնուին Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Իրանի մէջ  եւ որոնք յաճախ անհետացման եզրին կը գտնուին։

Հեղինակը որ անձամբ այցելած է աղդ վայրերը, լայնօրէն կ՛անդրադառնայ այցելած վայրերու պատմութեան ու 1915-ի հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն, հաստատելով որ մարդկային ցեղասպանութենէն անդին այսօր կը շարունակուի «մշակութային» ցեղասպանութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2019, 11:07