Լիբանանի մէջ ցոյցեր Լիբանանի մէջ ցոյցեր 

Ռայի Պատրիարք. «Քաղաքական Իշխանութեան պատասխանատուները պէտք է խղճի երկխօսութիւն մը ունենան` Պետութիւնը մահէ փրկելու համար»

«Կը հաւատանք, որ նոր Լիբանանի ծնունդը պիտի ըլլայ ժողովրդային այս ըմբոստութեան պտուղը»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ, որ քաղաքական իշխանութեան պատասխանատուները պէտք է խղճի երկխօսութիւն մը ունենան` պետութիւնը մահէ փրկելու համար:

Ան կոչ ուղղեց երկրին ղեկավարներուն վերջ տալու իրենց քարացած կեցուածքներուն եւ ընդառաջելու ժողովուրդի պահանջներուն:

«Կը հաւատանք, որ նոր Լիբանանի ծնունդը պիտի ըլլայ ժողովրդային այս ըմբոստութեան պտուղը», ըսաւ ան:

Ունկնդրէ լուրը

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ նոր եւ սեղմ կառավարութիւնը պէտք է կազմել ազգային աւանդ ներշնչող, ինչպէս նաեւ մասնագէտ եւ փորձառու նախարարներով: «Սակայն նման կառավարութեան մը կազմութեան համար պէտք է ըլլան պետական այրեր, որոնք ենթադրուած են երկրին շահերը ամէնէն աւելի բարձր դասել: Դժբախտաբար սակայն, այսօր կարելի չէ նման յոյսեր ունենալ` նկատի ունենալով ներկայ քաղաքական դասակարգը», հաստատեց ան:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը ընդունեց ժողովրդային շարժումի Ժալ էլ Տիպի ցուցարարներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որ Պքերքէէն բողոքեց, թէ պետութիւնը կ՛արգիլէ իրենց վրանները զետեղել Ժալ էլ Տիպի, Զուքի եւ Ժիպէյլի մէջ, հակառակ անոր որ Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ ցուցարարներուն արտօնուած է նման վրաններ զետեղել:

Քաղուած «Ազդակ » էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2019, 08:17