Ռայի Պատրիարք Ռայի Պատրիարք 

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանին կարելի չէ իշխել բռնատիրութեամբ, ճակատումով կամ միագոյն կառավարութեամբ»

Պէտք է մշակել ազգային նոր ուղեգիծ մը, որ քաղաքական աշխատանքին մէջ նոր գործելաոճ կ՛ենթադրէ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ կիրակի օրուան պատարագին նախագահելու ընթացքին արտասանեց քարոզ մը, որուն մէջ ան յայտնեց, թէ 17 հոկտեմբերէն ի վեր Լիբանանի մէջ կը տիրէ այլ տեսակի մթնոլորտ մը, որուն մէջ կը զգացուի նոր  Լիբանան մը, ուր բարեկարգումներ կան, քաղաքական ուժերէն անկախ կառավարութիւն, որ խորհրդարանին վերահսկողութեամբ պիտի մշակէ Լիբանանի փրկութեան շարք մը ծրագիրներ:

«Այլեւս կարելի չէ արկածախնդրութիւններու դիմել, այլ` պէտք է մշակել ազգային նոր ուղեգիծ մը, որ քաղաքական աշխատանքին մէջ նոր գործելաոճ կ՛ենթադրէ, ինչպէս նաեւ կը մերժէ համայնքներուն եւ յարանուանութիւններուն անունով քաղաքական բաժանումներու մտայնութիւնը:

Լիբանանին կարելի չէ իշխել բռնատիրութեամբ, ճակատումով, կամ միագոյն կառավարութեամբ», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2020, 09:01