Յովհաննէս Թումանեան Յովհաննէս Թումանեան 

Թումանեանի արձանը պիտի տեղադրուի Իտալիոյ նախագահական «Quirinale» Պալատի մօտ գտնուող այգիին մէջ

2019-ին կը նշուի ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի եւ մեծանուն երգահան Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակները

Հռոմի մէջ Յովհաննէս Թումանեանի արձանը պիտի տեղադրուի Իտալիոյ նախագահական «Quirinale» պալատին մօտ գտնուող այգիին մէջ: Այս մասին՝ ըստ «Արմենփրես»-ի՝ տեղեկացուցած է ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը:

Ունկնդրէ լուրը

Անիկա, ըստ նախնական պայմանաւորուածութեան, պիտի ըլլայ կիսանդրի: Հեղինակը եւ նիւթը, որմէ պատրաստուած պիտի ըլլայ կիսանդրին, տակաւին որոշուած չեն`  հաշուի առնելով այն, որ արձանը իտալական կողմի պահանջքով պէտք է համապատասխանէ որոշ չափանիշներու: Առայժմ յստակ չէ` արձանը պիտի պատրաստուի Հայաստանի, թէ Իտալիոյ մէջ: Աշխատանքներ կը տարուին 2020-ի ընթացքին կիսանդրին տեղադրելու ուղղութեամբ:

Ինչ կը վերաբերի Միլանի մէջ Կոմիտասի արձանի տեղադրման հարցին, նոյնպէս մանրամասնութիւնները դեռ յստակ չեն, մտայղացումը կը գտնուի նախնական քննարկման փուլի մէջ:

2019-ին կը նշուի ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի եւ մեծանուն երգահան Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակները: Յոբելեանները ընդգրկուած էին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններ»ու օրացոյցին մէջ:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2019, 08:19