Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Կաթողիկոս 

Կալկաթայի հայոց մարդասիրական ճեմարանը իւրօրինակ կամուրջ է Հայաստանի եւ հնդկաստանի միջեւ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

3 Դեկտեմբերին Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Քիշան Տան Տեւալին

3 Դեկտեմբերին Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Քիշան Տան Տեւալին: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն։

Ունկնդրէ լուրը

Ողջունելով դեսպանը՝ Գարեգին Բ. անդրադարձաւ երկու ժողովուրդներու բարեկամական պատ-մական յարաբերութիւններուն՝ ընդգծելով, որ այս մէկուն լաւագոյն վկայութիւնը Հնդկաստանի մէջ առկայ հայկական եկեղեցիներն են եւ, թէեւ փոքրաթիւ, սակայն աշխոյժ հայ համայնքը: Ամենայն հայոց կաթողիկոսը մեծապէս կարեւորեց նաեւ Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի գործունէութիւնը եւ առաքելութիւնը՝ նշելով, որ անիկա իւրօրինակ կամուրջ է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման առումով։ Ան նաեւ գնահատեց բոլոր այն ջանքերը, զորս երկու երկիրները գործադրած են տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով:

Դեսպանը իր խօսքին մէջ անդրադարձ կատարեց Հնդկաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ձեւաւորուած պատմական առնչութիւններուն, Հնդկաստանի մէջ հայերու պատմական ներկայութեան եւ անոնց ձգած ազդեցութեան, յատկապէս՝ Հնդկաստանի կրթական ոլորտին վրայ, որ կը շարունակուի մինչ այսօր: Ան խօսեցաւ նաեւ հայ-հնդկական քաղաքական յարաբերութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։

Զրոյցին ընթացքին վեհափառը հետաքրքրուեցաւ Հայաստանի մէջ հնդկական համայնքին կեանքով, մասնաւորաբար Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսանող հնդիկ երիտասարդներով: Անդրադարձ կատարուեցաւ դեսպանատան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող տարբեր ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Կալկաթայի Սուրբ Նազարէթ եկեղեցւոյ վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու աջակցութեամբ, Կալկաթայի մէջ իրականացուող հայրենիքի պաշտպանութեան համար ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին հաշմանդամ դարձած զինուորականները կեղծ անդամներով օժտելու եւ բուժելու ծրագիրին։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2019, 11:27