Լիբանանեան դրօշակը Լիբանանեան դրօշակը 

Պքերքէի մէջ Նախագահ Աուն մաղթեց, որ նոր կառավարութիւնը ըլլայ Լիբանանցիներուն նոր տարուան նուէրը

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց անձնական շահերը շրջանցելու եւ վարչապետ Հասսան Տիապին օժանդակելու, որպէսզի կարենայ կառավարութիւնը կազմել` շրջանցելով օրուան մարտահրաւէրները:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Նատիա Աունի, նախանցեալ առաւօտեան ուղղուեցաւ Պքերքէ, ուր դիմաւորուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:

Պաշտօնական լուսանկարէն ետք, նախագահ Աուն եւ Ռայի պատրիարքը ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութեան կազմութեան վերաբերող ջանքերն ու ներկայ տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապները լուծելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն մաղթեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը ըլլայ  լիբանանցիներուն Նոր տարուան նուէրը` ընդգծելով, որ անիկա պիտի ըլլայ մասնագէտներու կառավարութիւն մը:

Ան նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը չէ որ կառավարութիւնը պիտի կազմէ, «սակայն ան իրաւունք ունի կազմելու նախարարաց խորհուրդը` նկատի ունենալով, որ ան երեսփոխանական մեծագոյն պլոքի նախագահն է: Բայց եւ այնպէս Պասիլը չէ որ կառավարութիւնը պիտի կազմէ», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ, որ սխալ է նոր կազմուելիք կառավարութիւնը նկատել Հըզպալլայի կառավարութիւն:

«Տակաւին չէ խօսուած կառավարութեան ձեւին մասին, իսկ այդ ձեւը` կազմութեան ընթացքին է, որ կը ճշդուի, եւ ոչ թէ վարչապետին նշանակումով», շեշտեց նախագահ Աուն:

Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` նախագահ Աուն ըսաւ, որ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին սպասած են աւելի քան հարիւր օր` աւելցնելով, որ այս ձեւով չէ, որ կառավարութիւնները կը կազմուին:

Ապա նախագահ Աուն ներկայ գտնուեցաւ մատուցուած պատարագին եւ շնորհաւորութիւնները ներկայացնելէ ետք ուղղուեցաւ Պաապտա:

Ս. Ծննդեան պատարագին առիթով Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ անօթութիւնը, անգործութիւնը, անիրաւութիւնն ու զրկանքը խաղաղութիւն չեն կրնար պարգեւել:

Ան աւելցուց, որ խաղաղութիւն կարելի չէ կերտել նաեւ երբ բաժանումներ կան, քաղաքական, տնտեսական եւ ելեւմտական ապակայունութիւն կայ, կամ ալ անհատական շահեր կան:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց անձնական շահերը շրջանցելու եւ վարչապետ Հասսան Տիապին օժանդակելու, որպէսզի կարենայ կառավարութիւնը կազմել` շրջանցելով օրուան մարտահրաւէրները:

Ռայի պատրիարքը Ս. Ծննդեան տօնին նախօրեակին արտասանած իր պատգամին մէջ կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն լիբանանցիներուն սկսած ժողովրդային շարժումը հասկնալու եւ ըստ այնմ վարուելու, որովհետեւ այդ շարժումը անձնական շահեր չի հետապնդեր:

Ռայի պատրիարքը պահանջեց, որ լիբանանեան պետութիւնը անսայ լիբանանցիներու պահանջներուն` որդեգրելով բարեկարգումները:

Միւս կողմէ, Ֆրանչիսկոս պապը Ս. Ծննդեան առիթով իր մատուցած պատարագին ընթացքին մաղթեց, որ համերաշխութեան եւ ներդաշնակութեան երկիր Լիբանանի մէջ տիրող տագնապին կարելի ըլլայ ելքեր ապահովել:

Ան միաժամանակ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` երաշխաւորելու Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/12/2019, 09:57