Հայ երեք համայնքապետներուն հանդիպումի ընթացքին առնուած լուսանկար Հայ երեք համայնքապետներուն հանդիպումի ընթացքին առնուած լուսանկար 

Հայ երեք համայնքապետներուն հանդիպումը լիբանանահայ ընկերային, բժշկական եւ ծառայողական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումը առիթ մըն է միտքեր փոխանակելու, փոխադարձ փորձառութիւնները լսելու եւ սերտելու հաւաքական ծրագիրներ իրականացնելու կարելիութիւնները:

Ուրբաթ, 6 դեկտեմբեր 2019-ին, ժամը 5:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, հայ երեք համայնքապետներ` Նարեկ արքեպիսկոպոս, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան հանդիպում մը ունեցան լիբանանահայ ընկերային, բժշկական եւ ծառայողական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումը սկսաւ «Տէրունական աղօթք»-ով, որմէ ետք Նարեկ արքեպիսկոպոս ըսաւ. «Այսօր կեանքը իր բնական հեզասահ հունէն դուրս ելած է: Բոլորս ալ պատասխանատու պէտք է զգանք եղածին եւ դեռ ըլլալիքներուն համար: Պետութիւն եւ ժողովուրդ միասնաբար Լիբանանը հայրենիք կը դարձնեն: Կը հաւատամ, որ ինքնաքննութեան, ինքնաքննադատութեան եւ ինքնասրբագրութեան աստուածատուր առիթ է այս փուլը Լիբանանին եւ լիբանանահայութեան համար»:

Սրբազան հայրը շեշտեց, որ մեր շուրջ ամէն բան փուլ չէ եկած: Մեր կառոյցները` եկեղեցիներ, դպրոցներ, միութիւններ, մամուլ, լրատուական միաւորներ եւ պատասխանատուներ կը շարունակեն գործել ու կը փորձեն թէեւ սահմանափակ, սակայն բոլոր կարելի միջոցներով զօրակցիլ մեր ժողովուրդին: Առաջնորդ սրբազանը իր երախտապարտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ առաջնորդարանին ժողովրդային զօրակցութեան կարելիութիւնները առաւե՛լ ընդարձակեց` կաթողիկոսարանէն հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկի տրամադրելով մեզի, իբրեւ անմիջական օժանդակութիւն յատկացուելու համար մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն` մեր ընկերային բաժանմունքին ճամբով:

Նարեկ արքեպիսկոպոս նշեց, որ այս հանդիպումը առիթ մըն է միտքեր փոխանակելու, փոխադարձ փորձառութիւնները լսելու եւ սերտելու հաւաքական ծրագիրներ իրականացնելու կարելիութիւնները: Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Լսենք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի յորդորը. «Ձեր մէջ կա՞յ հայր մը [պիտի աւելցնեմ` «եւ մայր մը»], որուն զաւակը հաց ուզէ եւ ինք քար տայ անոր, եւ կամ օձ տայ` երբ զաւակը ձուկ խնդրէ» (Աւետարան ըստ Մատթէոսի 7.9–10): Հիմա՛ է պահը հասնելու մեր հայորդիներուն ծով կարիքներուն, որպէսզի անոնք նուազագոյնը անդրադառնան, թէ անտէր չեն: Տէր ընդ մեզ»:

Գէորգ եպս. Ասատուրեան յայտնեց, որ ընկերութիւնը այսօր հիմնական երեք տագնապ ունի` ուտեստեղէնի, դեղորայքի ու դպրոցական կրթաթոշակի, եւ մենք մեր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ պէտք է դնենք մեր ժողովուրդին կողքին կանգնելու համար:

Իր կարգին, վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան շեշտեց, որ այս փուլին լիբանանահայութեան միակամութիւնը կարեւոր է` հաւաքաբար մեծ թափով շարունակելու ծառայել մեր ժողովուրդին եւ մեր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ հասնելու բոլոր կարիքներուն:

Հանդիպումին Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի յատկացուցած հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկին կարիքաւորներուն հասանելի դարձնելու դրութիւնը` շեշտելով, որ ճշդուած կարգով եւ գործակցաբար լիբանանահայ կառոյցներուն հետ յառաջիկայ օրերուն ընթացք պիտի առնեն աշխատանքները, որոնք օրը-օրին մամուլով պիտի ներկայացուին հասարակութեան:

Ապա Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբի ատենապետ երէցկին Քրիստին Սարգիսեան վարեց քննարկումները: Լիբանանահայ կառոյցներու ներկայացուցիչները շեշտեցին կարեւորութիւնը համագործակցութեան եւ զգաստութեան, որպէսզի առաւելագոյն չափով կարելի ըլլայ հասնիլ հայորդիներու կարիքներուն: Ներկաները նշեցին, որ գաղութը կարիքը ունի համահայկական զօրաշարժի` նիւթապէս եւ բարոյապէս ապահովելու համայն հայութեան զօրակցութիւնը: Պատասխանատուները յայտնեցին, որ հարկ է յառաջիկային պարբերական դրութեամբ նմանօրինակ հանդիպումներ կազմակերպել` աշխատանքներու համակարգման կարգ ճշդելու եւ աշխատանքները առաւել եւս արդիւնաւոր դարձնելու նպատակադրումով:ù

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2019, 08:00