Կը շարունակուի Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը: Կը շարունակուի Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը: 

Կը շարունակուի Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը:

Սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովուեցաւ Մասնաայի, Քաայի, Ապուտիէի, Արսալի եւ Զամարանի անցքերուն միջոցով:

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ գործակցութեամբ տեղահանուածներու հարցով ՄԱԿ-ի բարձրագոյն խորհուրդին, 1498 սուրիացի տեղահանուածներ վերադարձան իրենց գիւղաքաղաքները:

Սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովուեցաւ Մասնաայի, Քաայի, Ապուտիէի, Արսալի եւ Զամարանի անցքերուն միջոցով:

Թրիփոլիի մէջ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ռաշիտ Քարամէի անուան միջազգային համալիրին մէջ մեծ թիւով տեղահանուածներ համախմբուեցան, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ցուցմունքներուն հետեւելով կատարեցին փաստաթուղթերու ստուգման յատուկ գործառնութիւնները եւ ուղղուեցան դէպի փոխադրակառքերը, որոնցմով պիտի փոխադրուէին Սուրիա:

Արսալի, Քաայի, Նապաթիէի, Մասնաայի Ապուտիէի, Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի մէջ պատկերը նոյնն էր:

Թրիփոլիէն Սուրիա ուղղուող տեղահանուածները օգտագործեցին

Տապպուսիէի եւ Արիտայի սահմանները:

Իսկ այլ շրջաններէ սուրիացի տեղահանուածներ Սուրիա վերադարձան Մասնաայի եւ Ժտայտեթ Եապուսի սահմանէն:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2019, 08:25