2019.12.11 ONU 2019.12.11 ONU 

ՄԱԿ-Ի կեդրոնին մէջ՝ ցեղասպանութեան օրուան Նուիրուած ձեռնարկ:

Մինչեւ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտը, միջազգային հանրութիւնը անհրաժեշտ կարեւորութեամբ իր օրակարգի առաջնահերթ նիւթերէն մէկը դարձուցած չէր ցեղասպանութեան ոճիրը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 9-ին, ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ, ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման եւ ոճիրի կանխարգիլման օրը նշուեցաւ։ Այս մասին կը հաղորդէ Hairenikweekly.com.-ը։

Մինչեւ Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտը, միջազգային հանրութիւնը անհրաժեշտ կարեւորութեամբ իր օրակարգի առաջնահերթ նիւթերէն մէկը դարձուցած չէր ցեղասպանութեան ոճիրը։

Ցեղասպանութեան իբրեւ մարդկութեան դէմ ծանրագոյն ոճիրի սահմանումն ու դատապարտումը առաջին անգամ կատարուեցաւ, երբ այդ օրերուն նոր կազմուած Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը իր Ընդհանուր Ժողովի օրակարգին վրայ ընդգրկեց ցեղասպանութեան դատապարտման հարցը եւ որդեգրեց իր թիւ 96/1 որոշումը։ Այդ որոշումը հանդիսացաւ, Միջազգային Իրաւունքի պատմութեան մէջ, հիմնաքարը Ցեղասպանութիւնը իբրեւ մեծագոյն յանցագործութիւն ճանչնալու, դատապարտելու, կանխարգիլելու եւ պատժելու առաջադրանքով մշակուած եւ որդեգրուած հետագայ բոլոր միջազգային փաստաթուղթերուն՝ յատկապէս 9 Դեկտեմբեր 1948-ին նոյն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին կողմէ հաստատուած Ցեղասպանութեան Ուխտագրին։

ՄԱԿ-ի թիւ 95/1 որոշումին նախագիծը պատրաստուած եւ առաջադրուած էր հրեայ ծագումով լեհ միջազգային իրաւագէտ Ռաֆայէլ Լեմքինի (1900-1959) կողմէ, որ կը նկատուի ցեղասպանութեանիրաւագիտական յղացքի հեղինակ հայրը։

Այս ձեռնարկին մասնակցեցան ԱՄՆ արեւելեան  թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան եւ առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան։

Քաղուած Եռագոյնէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2019, 11:17