Ստրկութեան վերացման միջազգային օր: Ստրկութեան վերացման միջազգային օր: 

Ստրկութեան վերացման միջազգային օր:

Աշխարհի մէջ 40 մլն անձինք կ՛ապրին ստրկութեան մէջ
Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿ-ին կողմէ հաստատուած «Ստրկութեան վերացման միջազգային օրը»  կը նշուի ամէն տարուայ դեկտեմբեր երկուքին։  Օրը կը յիշատակէ  մարդկանց առեւտուրի ու երրորդ անձանց կողմից մարմնավաճառութեան շահագործման դէմ պայքարի մասին ՄԱԿի Գլխաւոր վեհաժողովի կողմէ ընդունուած բանաձեւին որդեգրման թուականը ՝ 2 դեկտեմբեր 1949-ին։

ՄԱԿի տուեալներու համաձայն, աշխարհի մէջ 40 մլն կին, տղամարդ ու երեխայ կ՛ապրին ստրկութեան մէջ։  Ասոր համար՝  կառավարական ու հասարակական կազմակերպութիւններուն, իրաւապահ մարմիններու ու այլ կառոյցներու ջանքերը ուղղած են ոչ միայն նման դէպքերու բացայայտմանն ու կանխմանը եւ յանցագործութիւններու կազմակերպիչներուն հանդէպ քրէական հետապնդմանը, այլեւ այդ ստրկութեան երեւոյթէն տուժածներուն ընկերութեան ու կեանքի մէջ վերաներառման։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2019, 11:16