ՍՕ Խաչի 100-ամեակի հանդիսութիւն: ՍՕ Խաչի 100-ամեակի հանդիսութիւն: 

ՍՕ Խաչի 100-ամեակի հանդիսութեան պարգեւատրուեցան 50 տարուան ծառայութիւն ունեցող խաչուհիները:

Տարագիր ժողովուրդին զաւակները կարիքաւոր ըլլալով մէկտեղ մուրացկան չդարձան երբեք, շնորհիւ այս մարդասէր խաչուհիներուն, շնորհիւ աշխարհատարած այս միութեան։

Զինուած խաչի խորհուրդով ՍՕ Խաչը եղաւ օրհնաբեր ձեռք. երէկ էր, երբ Եղեռն էր, համատարած որբաշխարհ ու տխուր այրիանոց, եւ ՍՕԽ-ը եղաւ աւելի քան հարիւր տարուան հեռաւոր վանքի մը կոչնակին մեղմանուշ ղօղանջը, որ երկնային անդորրութեան քաղցրութիւնը ցօղեց որպէս բալասան ու սպեղանի տարասփիւռ հայութեան տառապահոծ հոգիներուն։

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան, Երեքշաբթի, 10 Դեկտեմբեր 2019-ի յետմիջօրէի ժամը 5։00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս փառահեղ հանդիսութեամբ յիշատակուեցաւ ՍՕ Խաչի հիմնադրութեան 100-ամեակը։

Հանդիսութեան Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էին Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Ազգային Վարչութեան, բարեսիրական, հայրենակցական, մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ, Հալէպի աշխատանքի եւ ընկերային ծառայութեան գրասենեակի տնօրէն Սալէհ Պարաքաթ, արժանապատիւ քահանայ հայրեր եւ մեծաթիւ խաչուհիներ։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Սուրիոյ եւ ՀՀ քայլերգներով։ Բեմայարդարումը կը ներկայանցնէր միութեան մասնաճիւղերը, որոնք լուսաւորեցին Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի 100-ամեայ երթը։

Օրուան հանդիսավար, ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան անդամ Շողիկ Տէր Պօղոսեան հրաւիրեց նոյն կազմին անդամ Սիւզի Փիլաւճեանը՝ արտասանելու հայերէն բացման խօսքը։

Փիլաւճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու ըսաւ. «100 տարի առաջ որբերու խնամքով եւ դաստիարակութեամբ զբաղող միութեան հիմնադիրները դժուար թէ երեւակայէին, որ 100 տարի անց իրենց յաջորդները պիտի տագնապէին նոյն գաղութի ազգակերտման ու հայապահպանման կարիքներով։Դար մը ամբողջ ՍՕ Խաչը լծուեցաւ մարդասիրական ու հայապահպանման վեհ աշխատանքին։

2019 տարին կ’եզրափակենք ՍՕ Խաչի ադամանդեայ յոբելեանի յիշատակումով։ Պահն է յիշելու եւ խոնարհելու յիշատակին դիմաց այն բոլոր խաչուհիներուն, որոնք անցնող մէկ դարուն ընթացքին եկան ու անցան այս միութեան բովէն, իրենց հետքն ու դրոշմը ձգելով անոր պատմութեան էջերուն»։

Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան անդամ Լենա Էլէյճեան, դիտել տալով, որ ուրախութեամբ եւ անհուն հպարտութեամբ կը տօնենք «ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» կարգախօսը գործի վերածած ՍՕ Խաչի հարիւրամեակը։ «Սուրիոյ տարածքին բարեսիրական միութիւններու աշխատանքներ ծաւալած ու արդիւնաւորուած են շնորհիւ Սուրիական Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Տոքթ. Պաշշար ալ Ասատի եւ իր Առաջին Տիկնոջ՝ ազնուափայլ տիկ. Ասմա ալ Ասատի մեծ ներդրումներուն», աւելցուց ան ու շնորհակալութիւն յայտնեց աշխատանքի եւ ընկերային ծառայութեան գրասենեակի տնօրէն Սալէհ Պարաքաթին՝ իր մշտական աջակցութեան ու գործակցութեան համար։

Հանդիսութեան յատուկ փայլք եւ երանգ տուաւ գեղարուեստական յայտագիրը։ Տիկ. Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Կենդանութիւն Հայրենի» եւ Ռուզան Պետրոսեանի «Քարտէզ» քերթուածները, մասնակցութեամբ պատանիներ Տարօն Տիքպիքեանի, Թիթառ Աղազարեանի եւ Արինա Պօշկէզէնեանի։

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ ՍՕ Խաչի հիմնադրութեան 100-ամեայ պատմականը, մինչ օրս ծաւալած մեղուաջան գործունէութիւնը ներկայացնող տեսանիւթ մը, ուր կը ցուցադրուէր նաեւ Սուրիոյ պատերազմի օրերուն ընկերաբժշկական կեդրոնին, Ազգ. Պատսպարանին, հայկական կառոյցներուն կրած վնասները, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներդրումով եւ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան նախաձեռնութեամբ իրագործուած ծրագիրները, երկրիս ապահովական ծանր պայմաններուն ՍՕ Խաչի շարունակուող ծառայութիւնը։

Ապա հանդէս եկան Կալին Պալապանեան եւ Արման Տ. Պետրոսեան եւ հիասքանչ երգեցողութեամբ մեկնաբանեցին «Մարտիկին երգը», դաշնամուրի ընկերակցութեամբ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի։

Օրուան բանախօս, հայերէնաւանդ ուսուցչուհի, Քեսապի «Մեղրի» մասնաճիւղի անդամ դոկտ. Շողիկ Աշըգեան ներկայացուց ՍՕ Խաչի պատմութիւնն ու նուիրական ծառայութեան խորհուրդը։

Ան յատկապէս ըսաւ. «Հարիւրամեակ մը տօնել կ’ենթադրէ անհակադարձելի մէկ դարու տեւողութիւն մը իմաստաւորել: Բայց նաեւ  դէպի ապագայ նայիլ, երբ  յոբելիարը  նոյն ճամբուն  ճանապարհորդն   է: Այս առումով, անցէալը  նաեւ  ապագայի երաշխիք  է: Ապագայի երաշխիք է նաեւ  արժեհամակարգ  ունենալը: Բարեգործութիւն, կարեկցութիւն, եկեղեցի, քրիստունէութիւն, զգօնութիւն,  հայրենիքի պաշտպանութիւն, հայ ժողովուրդ ու հայրենիք, մշակոյթ եւ կրթութիւն,  խաղաղութիւն:  Ահաւասիկ ՍՕ Խաչին դաւանած արժեհամակարգը, որ պատկերուած է իր խորհրդանիշին վրայ:  Խորհրդանի՞շը՝ բաբախուն սիրտ մը. խաչուհիին  հաւաքական կերպարը  լաւագոյնս բնորոշող:  

Այս առիթով ՍՕԽ-ը  փառաբանութիւն չ’ակնկալեր, ինքնագովութեամբ չի տարուիր, այլ կ’առաջադրէ նորանոր յանձնառութիւններ վերցնել, համարձակօրէն խիզախել, իր շրջապատը վերանորոգել, ազգային կեանքին թարմութիւն ու  ուժականութիւն հաղորդել, տեւաբար երիտասարդականանալ եւ հին երթը վերանորոգ շունչով աննահանջ շարունակել: Որովհետեւ ան  ծնունդ առաւ պատնէշի վրայ եւ այդ դիրքէն իր գոյերթը շարունակելը եղաւ ու մնաց անժամանցելի պարտաւորութիւն  ու անշեղ ուղենիշ»: 

Այնուհետեւ երաժշտական ներդաշնակ կատարումով Անժէլ Շէօհմէլեան Պէօյիւքեան (քանոն) եւ Ռուզան Պարսումեան (դաշնամուր) նուագեցին Խաչատուր Աւետիսեանի «Էլէկիա» ստեղծագործութիւնը։

Նանոր Մարտիկեան հայուհիի նազանքով, պարային գողտրիկ շարժումներով ներկայացուց մենապար մը, իսկ Մարինէ Մարգարեան քաղցրահունչ ձայնով մեկնաբանեց «Հայոց Հովիկ»ը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի։

Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին, ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Սեդա Կէրկէրեան այս առիթով Շրջ. Վարչութեան խօսքը արտասանեց։ Այս տօնակատարութեան բարեպատեհ առիթով ողջունեց բոլորը եւ յանուն ՍՕ Խաչի մեծ ընտանիքին շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան, որ քաջալեր հանդիսանալով ՍՕ Խաչի ազգօգուտ աշխատանքներուն, մեծագումար յատկացումներ եւ նուիրատուութիւններ կատարեց, հասնելով մեր ժողովուրդին ընկերային, կրթական, առողջապահական եւ խնամատարական ծրագիրներուն։

Ընկերուհին գնահատեց ՍՕ Խաչի մասնաճիւղերը, շրջանային յանձնախումբերը եւ բոլոր անդամները, որոնք իրենց ամէնօրեայ աշխատանքով եւ անսակարկ նուիրումով անսասան կը պահեն հայութեան հպարտանքին աղբիւր հանդիսացող այս մեծ կազմակերպութիւնը։

Ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, որ իր հայրական ողջախոհ ու օրհնաբեր յորդորներով միշտ թեւ ու թիկունք կանգնած է ՍՕ Խաչին եւ խրախուսած լաւագոյնին ձգտելու ու մարդասիրական առաքելութիւնը կատարելապէս ի գործ դնելու։

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը ընթերցեց Կ. Վարչութեան նախկին անդամ Զեփիւռ Րէիսեան, որ նախ շնորհակալական խօսք ուղղեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, որ իր գործունեայ միաւորին՝ ՍՕ Խաչի յոբելենական այս տօնակատարութեան ՀՕՄ-ի պատգամն ու գնահատագրերը փոխանցելու քաղցր ու պատուաբեր պարտականութիւնը վստահեցաւ իրեն։ ՀՕՄ-ի Կ.Վարչութիւնը յոբելենական հանդիսութեան առիթով բարձր կը գնահատէր Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը, որ մէկ դարէ ի վեր, որպէս հարազատ ՀՕՄ-ական, իր բաժինը կը բերէ 110-ամեայ ՀՕՄ-ի ծրագիրներու իրականացման։

«Վերջին քանի մը տարիներուն, սուրիահայ գաղութը ապրեցաւ ընկերային ու քաղաքական ճգնաժամ, անցաւ ահաւոր տնտեսական տագնապներէ, զգաց ապահովութեան աննկարագրելի բացակայութիւն եւ գոյութեան սպառնալիք։

Աշխարհափիւռ իր միաւորներու անվերապահ եւ յանձնառու աջակցութեամբ Կեդրոնական Վարչութիւնը պիտի շարունակէ աջալրջութեամբ հետեւիլ զարգացումներուն, կարիքի թելադրութեամբ օժանդակութեան անհրաժեշտ նախաձեռնութիւնները իրագործելու համար», ըսուած էր նամակին մէջ։

Հանդիսութեան աւարտին Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Սեդա Կէրկէրեան բեմահարթակ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Զեփիւռ Րէիսեանը ՀՕՄ-ի յատուկ պատուոյ գնահատագրերով պարգեւատրելու ՍՕ Խաչի աւելի քան 50 տարիներու անձնուէր ծառայութիւն մատուցած հետեւեալ խաչուհիները.-

Անժէլ Պօշկէզէնեան, Անի Ասլանեան, Մարի Խուպիարեան, Սիրվարդ Թախթապուրունեան, Ժագլին Արթինեան, Ժագլին Չափանեան, Թագուհի Չիմոյեան, Արշալոյս Պէսնիլեան, Լուսին Քէշիշեան, Վարդուհի Փալանճեան, Ալիս Եագուպեան, Աստղիկ Մանուկեան։

Յաջորդաբար ատենապետուհին ներկայացուց պարգեւատրուողներուն կենսագրական տուեալները  եւ ջերմապէս շնորհաւորեց պարգեւատրուած ընկերուհիները։

Օրուան եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Թեմիս Բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան։ Սրբազան հայրը շեշտեց, որ այս գնահատագրերը համալսարանական վկայականներէն աւելի բարոյական արժէք կը ներկայացնեն, որովհետեւ կը վկայեն անսակարկ ծառայութիւնը վկայեալներուն։ Ապա դիտել տուաւ, որ մեր տարագիր ժողովուրդին զաւակները կարիքաւոր ըլլալով մէկտեղ մուրացկան չդարձան երբեք, շնորհիւ այս մարդասէր խաչուհիներուն, շնորհիւ աշխարհատարած այս միութեան։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Յետ հանդիսութեան, սրբազան հօր, Շրջ. Վարչութեան, մասնաճիւղերու վարչական ընկերուհիներուն եւ պարգեւատրուող ընկերուհիներուն ներկայութեան տեղի ունեցաւ այս առիթով պատրաստուած կարկանդակին հատումը։

Քաղուած Գանձասարէն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2019, 09:09