Արցախի անկախութեան հանրաքուէի եւ սահմանադրութեան օր Արցախի անկախութեան հանրաքուէի եւ սահմանադրութեան օր 

Դեկտեմբեր 10-ը Արցախի անկախութեան հանրաքուէի եւ սահմանադրութեան օրն է

1991 թուականի այս օրը արցախահայութիւնը արտայայտեց իր կամքը, «Այո՛» ըսելով ԼՂՀ անկախութեան հանրաքուէին:

Արցախի մէջ Դեկտեմբեր 10-ը կը նշուի իբրեւ պետական ​​անկախութեան հանրաքուէի եւ ԼՂՀ Սահմանադրութեան oր:

1991 թուականի այս օրը արցախահայութիւնը արտայայտեց իր կամքը, «Այո՛» ըսելով ԼՂՀ անկախութեան հանրաքուէին: 2006-ի նոյն օրը՝ կրկին համաժողովրդական հանրաքուէի իբրեւ արդիւնք՝ ընդունուեցաւ ԼՂՀ Սահմանադրութիւնը:

Ունկնդրէ լուրը

1991 Նոյեմբեր 26-ին Ատրպէյճանի Գերագոյն խորհուրդը, կոպիտ խախտելով գործող օրէնսդրութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի լուծարման մասին օրէնք ընդունեց` վերացնելով ազգատարածքային միաւորի գոյութիւնը: Արցախահայութիւնը որոշեց իրականացնել համաժողովրդական հանրաքուէ:

1991 Դեկտեմբեր 10-ի հանրաքուէն, որուն մասնակցեցաւ գրանցուած ընտրողներու թիւին 82,2%-ը, ընթացաւ հայկական բնակավայրերու անդադար ռմբակոծման ներքոյ: Քուէաթերթիկին մէջ, որ տպագրուած էր երեք լեզուներով՝ հայերէն, ռուսերէն եւ ատրպէյճաներէն, ձեւակերպուած էր հետեւեալ հարցը. «Դուք համաձա՞յն էք, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը հռչակուի անկախ պետութիւն, եւ ինքնուրոյն որոշէ համագործակցութեան ձեւաչափերը այլ պետութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հետ»։ 99,89%-ը «կողմ» քուէարկեց Ատրպէյճանէն անկախութիւն ստանալուն:

Հանրաքուէին արդիւնքներն ու անոր ժողովրդավարական բնոյթը եւ թափանցիկութիւնը հաստատուած են անկախ միջազգային դիտորդներու կողմէ:

Միջազգային դիտորդները իրենց վերջնական գնահատման մէջ նշած են, որ «հանրաքուէն իրականացուած է զինուած յարձակման պայմաններու մէջ, որ արտայայտուած է Ստեփանակերտի եւ այլ բնակավայրերու հրետանային ռմբակոծութեան պայմաններու մէջ: Քուէարկութեան օրը հրետանային ռմբակոծութենէն զոհուած է՝ 10, վիրաւորուած՝ 11 հայ: Կանայք եւ երեխաները գիշերները կ՝անցնեն նկուղներու մէջ, մանկապարտէզներն ու դպրոցները փակ են: Դեկտեմբեր 11 լոյս 12-ին հրետանային արկ նետուած է Ստեփանակերտի դպրոցներէն մէկուն վրայ: Չկայ խմելու ջուր, հաց, դեղորայք»:

Դեկտեմբերի հանրաքուէէն 15 տարի անց՝ 2006 Դեկտեմբեր 10-ին, համաժողովրդական հանրաքուէի իբրեւ արդիւնք, ընդունուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը: ԼՂՀ Սահմանադրութեան ընդունման կողմ քուէարկեց 77,279 քաղաքացի կամ քուէարկութեան մասնակիցներուն 98,58%-ը:

Սահմանադրութեան օրը տօնական եւ ոչ աշխատանքային է:

Շնորհաւո՛ր տօնդ, Արցախ:

Armradio.am

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2019, 08:20