Որոնել

Արցախ Արցախ 

«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չի կրնար ռազմական լուծում ունենալ». Մինսկի Խմբի համանախագահներու

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները ողջունեցին անցեալ տարուան ընթացքին ձեռնարկուած յստակ քայլերը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները յայտարարութիւն մը հրապարակեցին 4 Դեկտեմբերին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Էլմար Մամետեարովի եւ Զօհրապ Մնացականեանի հանդիպման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման վերաբերող։

«Պրաթիսլավայի մէջ նախարարներու խորհուրդի ծիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման առիթով, ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները (Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով, Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի եւ արտաքին գործերու պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ Լըմուան, Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆիլ Ռիքըր) կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցին մէջ միջնորդութեան:

«Համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները դրական կը նկատեն շփման գիծին վրայ եւ միջազգային սահմանին բռնութեան յարաբերական ցած մակարդակը եւ շնորհակալ են կողմերուն՝ լարուածութեան սրման վտանգը նուազեցնելու նպատակով անմիջական կապի ուղիները ամբողջովին օգտագործելու համար, ինչպէս արտաքին գործոց նախարարները պայմանաւորուած էին Յունիսին՝ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին», կը նշուի յայտարարութեան մեջ:

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները ողջունեցին անցեալ տարուան ընթացքին ձեռնարկուած յստակ քայլերը, որոնք ուղղուած էին լարուածութեան նուազեցման եւ բնակչութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելուն, ինչպէս կոչ ուղղած էին համանախագահող երկիրները՝ 2018ի Դեկտեմբերին հրապարակուած միլանեան յայտարարութեամբ եւ ինչպէս նախարարները համաձայնած էին կատարել Փարիզի մէջ՝ 2019ի Յունուարին:

«Մենք կ՛ողջունենք մարդասիրական միջոցառումներ իրականացնելու ջանքերը, զորս քննարկած են երկիրներու ղեկավարները Ապրիլին՝ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման, յատկապէս՝ վերջերս տեղի ունեցած լրագրողներու փոխադարձ այցելութիւնները եւ բանտարկեալներու համաժամանակ ազատ արձակումը 28 Յունիսին: Նկատի ունենալով, որ նման ջանքեր կարեւոր դեր կը խաղան խաղաղ լուծում գտնելու վերաբերեալ առարկայական բանակցութիւններուն նպաստող մթնոլորտի ստեղծման հարցին մէջ, պատուիրակութիւններու երեք ղեկավարները կոչ կ՛ուղղեն մարդասիրական եւ անվտանգութեան յաւելեալ քայլեր իրականացնելու։

«Մտածելով հարազատները կորսնցուցած մարդոց սարսափելի տառապանքներուն մասին՝ մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք՝ կրկնապատկելու ջանքերը, ա-ջակցելու Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին անյայտ կորսուած մարդոց մասին տեղեկութիւնները փոխանակելու հարցին մէջ, ինչպէս երկու երկիրներու ղեկավարները պայմանաւորուած էին Փարիզի մէջ՝ 2014ի Հոկտեմբերին տեղի ունեցած վեհաժողովին: Գնահատելով գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին զգալի աւանդը զինադադարի պահպանման հարցին մէջ, կ՛ընդգծենք անոր՝ դիտարկման առաքելութիւնը ընդլայնելու շուրջ բանակցութիւններու վերսկսման կարեւորութիւնը, որուն վերաբերեալ կողմերը համաձայնութիւն ձեռք բերած են 2016ին:

«Կ՛ողջունենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ 2020ի սկիզբը, համանախագահներուն հովանիին տակ կրկին հանդիպելու մտադրութիւնը, որ նպատակաուղղուած է աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու խաղաղ լուծման առանցքային հարցերու շուրջ բանակցութիւնները եւ աջակցելու բարձրագոյն մակարդակով հետագայ բանակցութիւններու իրականացման», կը յայտնեն յայտարարութեան հեղինակները:

Պատուիրակութիւններուն ղեկավարները վերահաստատեցին, որ արդար եւ երկարատեւ կարգաւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ յատկապէս ուժ չկիրարկելու, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ հաւասար իրաւունքներուն վերաբերեալ Հելսինքեան եզրափակիչ որոշումի սկզբունքներուն վրայ՝ վկայակոչելով համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ 2009ին Աթէնքի մէջ նախարարական խորհուրդի հանդիպման աւարտին կատարած միացեալ յայտարարութիւնը: Անիկա պէտք է ներառէ նաեւ յաւելեալ կէտեր, որոնք առաջարկուած են համանախագահող երկիրներու նախագահներուն կողմէ 2009-2012ին:

«Պատուիրակութիւններու ղեկավարները անգամ մը եւս կ՛ընդգծեն, որ սթաթուս-քօն (հաստատուած իրավիճակը-Խմբ.) անընդունելի է, եւ հակամարտութիւնը չի կրնար ռազմական լուծում ունենալ: Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն՝ բարեխիղճ առարկայական բանակցութիւններ վարելու՝ առանց յետաձգումներու կամ պայմաններու:

Պատուիրակութիւններու ղեկավարները վստահութիւն կը յայտնեն, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի ձեւաչափը կը շարունակէ անփոփոխ հիմնակէտ ըլլալ կայուն լուծման հասնելու համար: Կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն՝ համագործակցելու իրարու եւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ, որոնց մենք կը հրահանգենք շարունակել իրենց միջնորդական ջանքերը», կ՛եզրափակէ յայտարարութիւնը։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2019, 09:08