Սպիտակի Երկրաշարժ Սպիտակի Երկրաշարժ 

Սպիտակի Երկրաշարժի արժանաւոր յիշատակութիւն Հայ Կաթողիկէ Ս․ Խաչ – Հարպոյեան բարձրագոյն Վարժարանէն ներս

7 Դեկտեմբեր, 1988 թուականը մեր մտքերուն մէջ խարսխուած աղէտալի թուական մըն էր, որուն զոհերը յարատեւ խունկի եւ աղօթքի պէտք ունին, իսկ փրկուողները՝ հոգեկան նեցուկի:

Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտուն, Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ - Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի դուռը բացուեցաւ իւրայատուկ լուսանկաներով: Տօնական հրապուրիչ զարդարանքի կողքին անհրաժեշտ էր կարեկցանքի շունչն ու ոգին փոխանցել հայ աշակերտին, որ բազում պարտաւորութիւններ ունի ազգին ու հայրենիքին հանդէպ:

7 Դեկտեմբեր, 1988 թուականը մեր մտքերուն մէջ խարսխուած աղէտալի թուական մըն էր, որուն զոհերը յարատեւ խունկի եւ աղօթքի պէտք ունին, իսկ փրկուողները՝ հոգեկան նեցուկի:

Առաւօտեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք նախակրթարանի Առաջինէն Վեցերորդ դասարանի աշակերտները իրենց դաստիարակներու եւ հայերէնի դասատուներու ընկերակցութեամբ յաջորդաբար ներկայացան դպրոցիս մուտքի հիւրասրահը, յարգանքով ունկնդրեցին օրուան դէպքին մասին, ապա կարգով դիտեցին աղէտէն փրկուածներուն հայրենի լուսանկարիչի մը լուսանկարները: Աշակերտներուն թելադրուեցաւ ոչ միայն աղօթել զոհերուն հոգիներուն, այլ նաեւ՝ բոլոր հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին համար, որպէսզի նման աղէտներ չկրկնուին, եւ հայ ազգը միշտ ապրի խաղաղ ու երջանիկ: Ցուցահանդէսի ընթացքին աշակերտները ունկնդրեցին Շառլ Ազնաւուրի մեկնաբանած “Pour toi Armenie” երգը:

Երկրորդ հանգրուանով մը, վարժարանիս Միջնակարգ եւ Երկրորդական դասարաններու աշակերտները առիթ ունեցան լսելու Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեանի պատգամը, որ իր կարգին անդրադարձաւ 1988 Դեկտեբեր 7-ին տեղի ունեցած աղէտալի Սպիտակի երկրաշարժին մասին, որուն հետեւանքը մինչեւ օրս կը կրէ հայ ժողովուրդը, փաստօրէն թիթեղեայ տուներու մէջ աղքատիկ կեանք ապրող մարդիկ առօրեայ պայքար կը մղեն ապրելու եւ գոյատեւելու: Հայր Սեպուհ յորդորեց աշակերտները, որ իւրաքանչիւրը ըլլայ դեսպանն ու առաքեալը հայրենիքին, սիրել Հայաստանը, հաւատարիմ մնալ անոր, եւ ամէն օր մտածել, թէ ի՞նչ կրնանք տալ մեր ազգին ու հայրենիքին: Ան թելադրեց աշակերտներուն, որ պատկերներուն մէջ ներկայացուած անհատներուն աչքերուն լաւ նայիլ, տեսնել անոնց մէջ կսկիծն ու յոյսը շաղախուած, ապա Սուրբ Ծննդեան նախօրեակին մաղթենք, որ յոյսն ու հաւատքը սերմ դնէ բոլորին սրտերուն: Աւարտին աշակերտները վարդապետին հետ աղօթեցին Տէրունական աղօթքը:

Քաղուած «Yerepouni Daily News» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2019, 10:06