1 Յունուարէն սկսեալ ամէն տեսակի կենսաթոշակները պիտի բարձրանան 1 Յունուարէն սկսեալ ամէն տեսակի կենսաթոշակները պիտի բարձրանան 

1 Յունուարէն սկսեալ ամէն տեսակի կենսաթոշակները պիտի բարձրանան բիջինը 10 տոկոսով

Պետական կենսաթոշակի պարբերաբար յաւելումը Հայաստանի 2020-2022 թուականներու միջնաժամկէտ ծախսային ծրագիրով սահմանուած է ընկերային ոլորտի ծախսային գերակայութիւն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 1 Յունուար 2020էն սկսեալ, Հայաստանի մէջ ամէն տեսակի կենսաթոշակները պիտի բարձրանան միջինը 10 տոկոսով: Այդ մասին կառավարութեան նիստին ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեան նշեց, որ, կառավարութեան ծրագիրին համաձայն, պարբերաբար պիտի բարձրացուին պետական կենսաթոշակներու չափերը՝ ապահովելով միջին կենսաթոշակի յառաջանցիկ աճ գնաճի նկատմամբ: Պետական կենսաթոշակի պարբերաբար յաւելումը Հայաստանի 2020-2022 թուականներու միջնաժամկէտ ծախսային ծրագիրով սահմանուած է ընկերային ոլորտի ծախսային գերակայութիւն:

«Մենք արդէն յայտարարել ենք, որ 2020 թուականից միջինում 10 տոկոսով բարձրացնելու ենք կենսաթոշակները: Ուստի, այսօրուայ նախագծով առաջարկում ենք հետեւեալ փոփոխութիւնները. հիմնական կենսաթոշակի չափը, այդ թւում՝ զինուորական կենսաթոշակի չափը հաշուարկելու համար 16 հազար դրամի փոխարէն սահմանել 18 հազար դրամ, առաջին 10 տարուայ աշխատանքային ստաժի մէկ տարուայ արժէքը 800 դրամի փոխարէն սահմանել 950 դրամ: Զինուորական ծառայութեան մէկ տարուայ արժէքը 1500 դրամի փոխարէն սահմանել 1600 դրամ, պարտադիր զինուորական ծառայութեան շարքային կազմի զինծառայողի հաշմանդամութեան զինուորական կենսաթոշակի չափերը առաջին խմբի դէպքում 36 հազար դրամի փոխարէն սահմանել 40 հազար դրամ, երկրորդ խմբի դէպքում՝ 26 հազար դրամի փոխարէն՝ 30 հազար դրամ, եւ երրորդ խմբի դէպքում 25,500 դրամի փոխարէն սահմանել 27 հազար դրամ», ըսաւ նախարարը։

Պարտադիր ժամկէտային զինուորական ծառայութեան շարքային կազմի մահացած կամ զոհուած զինուորի ընտանիքի կերակրող կորսնցնելու պարագային զինուորական թոշակի չափը 25,500 դրամի փոխարէն կը դառնայ 27 հազար դրամ: Իսկ երկկողմանի ծնողազուրկ երեխայի պարագային թոշակի չափը կ՛ըլլայ 90 հազար դրամ՝ այսօրուան 80 հազար դրամի փոխարէն: Նուազագոյն կենսաթոշակի չափը այսօրուան 25,500 դրամի փոխարէն պիտի ըլլայ 27 հազար դրամ:

Ելեւմուտքի նախարար Ատոմ Ջանջուղազեան ըսաւ, որ բացի անկէ, որ յաջորդ տարուան պետական պիւտճէով թոշակներու եւ նպաստներու բարձրացման համար յատկացումներ եղած են, տակաւին 3-4 միլիոն դրամի յաւելեալ կարիք կը ծագի:

Զարուհի Բաթոյեան պարզաբանեց, որ ֆինանսաւորման յաւելեալ կարիք կը ծագի նաեւ այն պատճառով, որ 2019ի Յունուարէն Դեկտեմբեր ժամանակաշրջանին, նպաստառուներուն թիւը աւելցած է շուրջ 5900ով:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/12/2019, 09:52