Ռայի Պատրիարք Ռայի Պատրիարք 

Ռայի Պատրիարքը Ամին Ժեմայէլի հետ քննարկեց երկրին իրավիճակը:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց կազմելու շտապ կառավարութիւն մը` հիմնուելով Լիբանանի Ազգային ուխտին եւ սահմանադրութեան վրայ:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահելէ ետք կիրակի օրուան պատարագին, ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները կ՛ապրին ողբերգական իրավիճակ մը, որ կարելի է դիմագրաւել միայն լիբանանեան միասնականութեամբ:

Ան մաղթեց, որ նոր վարչապետի նշանակումը ըլլայ արդիւնաբեր ելք մը` լուծելու համար երկրին դիմագրաւած լուրջ տագնապը:

Ժեմայէլ մաղթեց, որ կազմուելիք նոր կառավարութիււնը ըլլայ համբերատար, ինչպէս նաեւ խղճով, նուիրուածութեամբ,  թափանցիկութեամբ եւ արհեստավարժօրէն գործէ` երկիրը իր ներկայ իրավիճակէն դուրս հանելու համար:

«Կը մաղթեմ, որ նոր նշանակուած վարչապետը կրնայ շրջանցել կասկածամիտները եւ կազմել վերոնշեալ չափանիշները ամբողջացնող կառավարութիւն մը», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը որեւէ ուշացում կամ յապաղում չի կրնար հանդուրժել` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտներու դիմաց չի կրնար գտնուիլ: «Պէտք է վերջ տալ ամբաստանութիւններուն եւ կասկածամտութեան, որովհետեւ իշխանութեան փոփոխութիւնը սահմանադրութեան եւ ժողովրդավարութեան էութիւնն իսկ է», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն, յատկապէս ցուցարար երիտասարդներուն ճամբաները չփակելու եւ արտօնելու, որ բոլոր քաղաքացիները ազատօրէն երթեւեկելու իրենց իրաւունքը վայելեն:

«Լիբանանեան բանակին ու ապահովութեան ուժերուն դէմ քաղաքացիներուն կողմէ քարկոծումն ու յարձակումը խիստ մերժելի են», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն գործելու իրենց խիղճին անսալով:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց կազմելու շտապ կառավարութիւն մը` հիմնուելով Լիբանանի Ազգային ուխտին եւ սահմանադրութեան վրայ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2019, 08:21