Մոլորակ Մոլորակ 

Ամանորի գիշերը երեւանի մէջ պիտի բացուի առաջին մոլորակացոյցը:

Մոլորակացոյցը պիտի ունենայ 14 մ տրամագիծով պաստառ եւ պիտի տեղաւորէ մինչեւ 50 մարդ:

2020 թուականի Յունուար 1-ին՝ ժամը 00:00-ին, Երեւանի Անգլիական այգիին մէջ պիտի բացուի Հայաստանի մէջ առաջին մոլորակացոյցը (planetarium): Անիկա պիտի ցուցադրէ ֆիլմեր տիեզերքի ծագման, աստղերու եւ մոլորակներու ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ տիեզերագնացութեան եւ տիեզերական արհեստագիտութիւններու զարգացման մասին։ Այս մասին կը յայտնէ «Ա1+»-ը։

Ունկնդրէ լուրը

Նախագիծը ստեղծուած է Ս. Փեթերզպուրկի Մոլորակացոյց 1 խումբի (գմբէթի տրամագիծի առումով ամենամեծը աշխարհի մէջ) եւ մոլորակացոյցի առաջնակարգ ձեւաւորող Գրիգոր Մաշուրեանի կողմէ:

Մոլորակացոյցը պիտի ունենայ 14 մ տրամագիծով պաստառ եւ պիտի տեղաւորէ մինչեւ 50 մարդ: Հանդիսատեսի տեղակայումը պիտի ըլլայ յարմարաւէտ պարկերու վրայ, այդպիսով հնարաւոր պիտի ըլլայ բառացիօրէն պառկիլ եւ նայիլ աստղային երկնքին:

Մոլորակացոյցի մէջ պիտի իրականացուին նաեւ օփերային, սիմֆոնիկ եւ ճազային համերգներ, ինչպէս նաեւ պաշտօնական հանդիսութիւններ ու ներկայացումներ:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2019, 09:27