Որոնել

Երեւանի մէջ գիրքի ցուցահանդէս Երեւանի մէջ գիրքի ցուցահանդէս 

Նոյեմբեր 22-24 տեղի պիտի ունենայ գիրքի Երեւանեան 3-րդ փառատօնը:

Այս տարի տօնավաճառ-ցուցահանդէսին պիտի մասնակցին 33 հրատարակչութիւն, գրախանութ եւ կազմակերպութիւն: Պիտի գործէ մինչեւ 40% զեղչ:

 Նոյեմբեր 22-24, ՀԲԸՄ ցուցասրահին եւ դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ Գիրքի երեւանեան երրորդ փառատօնը, կը հաղորդէ “Մեդիամաքս”-ը:

Այս տարի տօնավաճառ-ցուցահանդէսին պիտի մասնակցին 33 հրատարակչութիւն, գրախանութ եւ կազմակերպութիւն: Պիտի գործէ մինչեւ  40% զեղչ:

Ունկնդրէ լուրը

 Կը նախատեսուին աւելի քան 15 նոր գիրքերու եւ նախագիծերու շնորհանդէսներ, վերապետութեան դասեր նկարազարդողներու, առեւտուրի, վաճառքի մասնագէտներու համար, բանախօսութիւններ գրողներու եւ գրականութեան ոլորտի այլ ներկայացուցիչներու ու ընթերցողներու համար (նոր ու յաջողակ հրատարակչութիւն հիմնելու, արտերկրի մէջ հրատարակուելու հնարաւորութիւններու, մանկական գրականութեան արդի խնդիրներուն եւ այլ թեմաներու շուրջ):

 Տեղի պիտի ունենան քննարկումներ գրականութեան եւ շարժանկարի, երաժշտութեան ու բանաստեղծութեան մասին, պիտի ըլլան ընթերցումներ:

 Փառատօնի ընթացքին յայտնի կը դառնայ գրական մրցոյթի «Պոէզիա», «Արձակ» եւ «Դրամատուրգիա» անուանակարգու յաղթողները:

Գիրքի երեւանեան փառատօնին մուտքը ազատ է:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2019, 08:05