Փաշինեան Քոնթէ հանդիպում Փաշինեան Քոնթէ հանդիպում 

Հայաստան-Իտալիա յարաբերութիւններու սերտացումը Փաշինեանի այցելութեան կիզակէտը եղաւ

Փաշինեանի եւ Քոնթէի միջեւ հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-իտալական յարաբերութիւններու ընթացքին եւ զարգացման հեռանկարներուն եւ համագործակցութեան կարելիութիւններուն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Իտալիա գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 22 Նոյեմբերին Հռոմի մէջ բարձր մակարդակի բանակցութիւններ ունեցաւ Իտալիոյ նախարարներու խորհուրդի նախագահ Ճուզեփփէ Քոնթէի եւ Ծերակոյտի նախագահ Մարիա Էլիզապեթա Քազելաթիի հետ, ինչպէս նաեւ այցելեց Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Հայ կաթողիկէ եկեղեցին եւ Քահանայապետական Լեւոնեան հայկական վարժարան։

Փաշինեանի եւ Քոնթէի միջեւ հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-իտալական յարաբերութիւններու ընթացքին եւ զարգացման հեռանկարներուն եւ համագործակցութեան կարելիութիւններուն։ Իտալիոյ վարչապետը իր երկրի աջակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի ժողովրդավարական օրակարգին՝ ընդգծելով, որ օրէնքի գերակայութեան, արդարադատութեան բարեփոխումներու, ժողովրդավարական հաստատութիւններու կայացման հարցին մէջ Իտալիա պատրաստ է կարելիին չափ սերտօրէն համագործակցելու Հայաստանի հետ եւ ցուցաբերելու անհրաժեշտ օժանդակութիւն։

Շնորհակալութիւն յայտնելով նման պատրաստակամութեան եւ Իտալիոյ արդէն իսկ շօշափելի մասնակցութեան համար, յատկապես Փտածութեան դէմ պայքարի յանձնաժողովի ձեւաւորման հարցին մէջ՝ Հայաստանի վարչապետը նաեւ ընդգծեց իտալական ընկերութիւններուն աշխոյժ մասնակցութիւնը տնտեսական գործունէութեանց մէջ։ Փաշինեան վստահութիւն յայտնեց, որ նման նախաձեռնութիւններ շարունակական պիտի ըլլան եւ Հայաստանի կառավարութիւնը մտադիր է ամէն ձեւով նպաստել ներդրումային ծրագիրներու իրականացման։

Հաստատուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Իտալիոյ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները նոր բովանդակութեամբ յագեցնելու համար առկայ են բոլոր անհրաժեշտ նախադրեալները, մանաւանդ որ ներկայ դրութեամբ Իտալիա Հայաստանի երկրորդ առեւտրատնտեսական գործընկերն է Եւրոմիութեան մէջ:

Փաշինեան գոհունակութիւն յայտնեց վիզաներու ազատականացման ուղղութեամբ Եւրոմիութեան հետ բանակցութիւններու սկսելու հարցին մէջ Իտալիոյ դիրքորոշման առնչութեամբ՝ ներկայացնելով Հայաստանի մէջ բարելաւուող գաղթականութեան պատկերը։

Փաշինեան եւ Քոնթէի գոհունակութիւն յայտնեցին նաեւ հայ-իտալական մշակութային եւ կրթական համագործակցութեան գծով, արձանագրեցին երկու երկիրներու համալսարաններուն միջեւ փոխանակման ծրագիրներու արդիւնաւէտութիւնը։

Փաշինեան նաեւ կարեւոր նկատեց հնագիտութեան ոլորտին մէջ Իտալիոյ հետ հարուստ փորձառութեան փոխանակումը։

Վարչապետները ծաւալուն քննարկում կատարեցին միջազգային անվտանգութեան արդի հարցերու եւ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Փաշինեան ներկայացուց Հայաստանի կողմէ հոն իրականացուող մարդասիրական առաքելութիւնը։ Կողմերը համադրեցին իրենց դիրքորոշումները Սուրիոյ մէջ կայունութեան վերականգնման հարցին կապակցաբար եւ անդրադարձան տարածաշրջանային անվտանգութեան այլ հարցերու եւս, միտքեր փոխանակեցին Եւրոմիութիւն-Իրան, Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու եւ Արցախի տագնապին շուրջ։ Անոնք նաեւ կարեւոր նկատեցին ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին մէջ համագործակցութիւնը։

Քոնթէ հաստատեց, որ Իտալիա շահագրգռուած է Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմամբ եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատումով: Ան շեշտեց, որ լուծման կարելի է հասնիլ միայն երկխօսութեան միջոցով: «Առկայ քաղաքական կամքը կրնայ յանգեցնել տեւական լուծման: Ժողովուրդները պէտք է պատրաստուին խաղաղութեան եւ գիտակցին այն առաւելութիւններուն, որոնք պիտի տայ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը: Պատրաստ ենք բոլոր միջոցներով մեր նպաստը բերելու բանակցութիւններու շարունակութեան եւ տարածաշրջանին կայունութեան», ըսաւ Քոնթէ։

Հայաստանի վարչապետը ներկայացուց Արցախի տագնապի լուծման ներկայ իրավիճակը՝ վերահաստատելով Հայաստանի պատրաստակամութիւնը շարունակելու աշխատանքը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ:

Աւարտին, վարչապետ Փաշինեան իտալացի իր պաշտօնակիցը հրաւիրեց Հայաստան։

 

ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Փաշինեան տեսակցեցաւ նաեւ Ծերակոյտի նախագահ Քազելաթիի հետ, որ նշեց, թէ Իտալիա հետաքրքրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի բարեփոխումներու գործընթացին, որոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին ժողովրդավարութեան զարգացման համար՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով այդ գծով աջակցելու Հայաստանին։ Ըստ անոր՝ ատիկա պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ թէ՛ երկկողմանի, եւ թէ Եւրոպական Միութեան շրջանակին մէջ արդիւնաւէտ երկխօսութեան շարունակման։ Ան յայտնեց, որ Իտալիոյ Ծերակոյտը վաւերացուցած է Հայաստան-Եւրոմիութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, եւ փաստաթուղթը այժմ ներկայացուած է խորհրդարանին։ Քազելաթի նաեւ գոհունակութեամբ խօսած է Հայաստան-Իտալիա առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու աշխոյժ ընթացքին մասին, մանաւանդ վերջին շրջանին արձանագրուած արտածման մօտ 30 տոկոսով աճին եւ նշեց, որ Իտալիա հետաքրքրուած է Հայաստանի հետ առեւտուրի, ենթակառոյցներու, մշակոյթի ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան զարգացմամբ։

Փաշինեան դիտել տուաւ, որ այս տարի երկկողմանի առեւտուրի ոլորտին մէջ բաւական բարձր աճ արձանագրուած է, Հայաստանի տնտեսութեան մէջ աւելցած են իտալական դրամագլուխով ներդրումները եւ յոյս յայտնած, որ իր այցելութեան իբրեւ արդիւնք այդ գործընթացը աւելի պիտի աշխուժանայ։ Վարչապետին համաձայն՝ Հայաստան կը գտնուի լրջագոյն փոփոխութիւններու շրջանի մէջ, երկիրը կ՛ընթանայ ժողովրդավարացման ուղիով, փտածութեան դէմ իրական պայքար կը մղուի, ինչ որ պատճառ կը դառնայ տնտեսական իրավիճակի փոփոխութեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ՝ տարբեր առումներով Հայաստանի եւ հայութեան կողքին ըլլալուն համար։

Հայաստանի վարչապետը անդրադարձաւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին եւ նշեց, որ Հայաստան հարցի լուծումը կը տեսնէ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով։

Իտալիոյ Ծերակոյտի նախագահը եւս յատյնեց, որ Իտալիա կ՛ողջունէ երկխօսութեան ճանապարհով հակամարտութեան կարգաւորումը եւ խաղաղութեան միտող ջանքերը։

 

ՇԱՐՔ ՄԸ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐՈՒ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Վարչապետին գլխաւորած բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը Իտալիոյ մէջ շարք մը փաստաթուղթեր ստորագրեց։ Արդարեւ, ստորագրուեցան Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ քրէական գործերով փոխադարձ օգնութեան մասին 1959ի Ապրիլ 20ի Եւրոպական ուխտի կիրարկումը դիւրացնելու մասին համաձայնագիրը եւ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան եւ Իտալիոյ նախարարներու խորհուրդի նախագահութեան քաղաքացիական պաշտպանութեան բաժանմունքներուն միջեւ քաղաքացիական պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան եւ արտակարգ իրավիճակներու մէջ աջակցութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիրը բարեփոխող արձանագրութիւնը։

Հայկական կողմէ փաստաթուղթերու փոխանակման մասնակցեցան արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեան եւ Մանլիօ Տի Ստեֆանոն։

 

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՒ ԼԵՒՈՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեան եւ Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի տնօրէն Նարեկ վարդապետ Նամոյեանի ընկերակցութեամբ, Փաշինեան Հռոմի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ ծանօթացաւ հայկական հոգեւոր, կրթական մշակութային կառոյցի եւ քահանայապետական վարժարանի գործունէութեան, հանդիպում ունեցաւ նաեւ վարժարանի սաներուն եւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան քոյրերուն։

Հոգեւորականները աջակցութիւն յայտնեցին Հայաստանի վարչապետին այն քայլերուն, որոնք կը միտին հզօրացնելու հայոց պետականութիւնը եւ բարեկեցիկ կեանք տալու հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին։

Փաշինեան անդրադարձաւ Իտալիա կատարած այցելութեան, ունեցած բանակցութիւններուն, գոյացած համաձայնութիւններուն, երկու երկիրներուն միջեւ առկայ լաւ յարաբերութիւններուն, որոնք նաեւ զարգանալու մեծ կարելիութիւններ ունին։ «Խօսքն այն մասին է, որ տարբեր երկրներ այցելելով, տարբեր հանդիպուներ ունենալով՝ մենք ոչ միայն ճանաչում ենք եւ իմանում ենք այդ երկրների մասին, այլեւ աւելի լաւ ճանաչում ենք ինքներս մեզ, մեր պատմութիւնը, մեր ինքնութիւնը, եւ այս պաշտօնական այցերը նաեւ մեր ազգը, մեր ժողովուրդը, մեր պատմութիւնն աւելի լաւ ճանաչելու մասին են», հաստատեց վարչապետը։

Անդրադառնալով հայկական հոգեւոր արժէքներուն եւ աւանդներուն՝ ան ըսաւ. «Այդ ժառանգութիւնը պէտք է ուժեղացնի մեր ինքնութիւնը, մեր ժողովրդին, մեր պետութիւնը, մեր դիրքերը, աւելի վստահ դարձնի մեր ձայնը, աւելի մեծ պատասխանատուութեան դրդի հենց մեզ՝ ընդ որում, ոչ միայն ինքներս մեր ճակատագրի, այլեւ աշխարհի ճակատագրի, քրիոստոնէութեան, մարդկութեան առաջ մեր ունեցած պատասխանատուութիւնը։ Իսկ արդեօք մենք ընդհանրապէս ունե՞նք այդպիսի պատասխանատուութիւն եւ կարող ենք ունենալ այդպիսի պատասխանատուութիւն եւ խօսել դրա մասին։ Այս հարցի պատասխանը մենք կարող ենք ստանալ միայն ինքներս մեզ աւելի լաւ ճանաչելուց յետոյ։ Իսկ մենք ինչքան լաւ ենք ճանաչում մեզ, հասկանում ենք, որ այսպիսի ժառանգութիւն ունեցող ժողովուրդը չի կարող ուղղակի անցորդ լինել մարդկութեան պատմութեան ճանապարհին։ Այսպիսի ժողովուրդը պէտք է դերակատար լինի, եւ այդ դերակատար լինելու առաքելութիւնն ի կատար ածելու առաջին եւ նախնական ամենակարեւոր գործողութիւնն ինքներս մեզ ճանաչելն է», դիտել տուաւ Փաշինեան։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2019, 08:47