Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքն ու ՀՅԴ պատուիրակութիւնը Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքն ու ՀՅԴ պատուիրակութիւնը 

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն այցելեց Հայ հոգեւոր պետերուն:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին ցաւակցութիւն յայտնեց Գամիշլիի հայ կաթողիկէ Ս. Յովսէփ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Յովսէփ քհնյ. Պետոյեանի` ահաբեկիչներու կողմէ անարգ սպանութեան առիթով:

Ուրբաթ, 15 նոյեմբերին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեան, Մելիք Գարագաւորեան եւ Րաֆֆի Աշգարեան, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին եւ Միջին Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ` վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին:

Հանդիպումներու ընթացքին խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Լիբանանի մէջ ծայր առած ժողովրդային ընդվզումի շարժումին, երկրին դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական ծանր դժուարութիւններուն եւ ընդհանրապէս քաղաքական ու ապահովական կացութեանց վրայ:

Կեդրոնական կոմիտէն հոգեւոր պետերուն ներկայացուց ստեղծուած կացութեան գծով իր արժեւորումներն ու կեցուածքները, ինչպէս նաեւ նոյն այս կացութենէն դուրս գալու իր պատկերացումները:

Ներկաները շեշտեցին, որ բոլոր լիբանանցիներուն վստահութիւնը վայելող կառավարութեան մը կազմութիւնը այսօր հրամայական ու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է` երկիրը դուրս բերելու համար անել կացութենէն:

Անդրադարձ եղաւ լիբանանահայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Շեշտը դրուեցաւ համագաղութային միասնական ճիգով մարտահրաւէրը դիմակալելու եւ Լիբանանի հայութեան բաղադրիչ բոլոր կողմերու ներգործօն մասնակցութեամբ` մեր ժողովուրդի կարիքներուն անսալու եւ համայնքի կենսունակութիւնը վառ պահելու անհրաժեշտութեանց վրայ:

Հոգեւոր պետերը իրենց կարգին շեշտը դրին լիբանանահայ գաղութի դերակատարութեան անխաթար պահպանման ու անոր համահայկական առաքելութեան շարունակականութեան վրայ:

Օգտակար նկատուեցաւ հետագային հանդիպումները շարունակել եւ յատկապէ՛ս` բարենպաստ պայմաններու ստեղծումէն ետք ճիգ չխնայել համայնքի կառոյցներն ու հաստատութիւնները վերաշխուժացնելու աշխատանքային հոլովոյթին մէջ:

Յայտնենք, որ ՀՅԴ պատուիրակութիւնը Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին ցաւակցութիւն յայտնեց Գամիշլիի հայ կաթողիկէ Ս. Յովսէփ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Յովսէփ քհնյ. Պետոյեանի` ահաբեկիչներու կողմէ անարգ սպանութեան առիթով:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2019, 09:38