մենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան մենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան 

Հռոմի մէջ Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի արձանը պիտի տեղադրուի:

Հայաստանն ու Իտալիան պիտի խորացնեն համագործակցութիւնը մշակութային ոլորտէն ներս:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Իտալիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան: Ան տեղեկացուցած է, որ յառաջիկային Հռոմի մէջ պիտի տեղադրուի մեծանուն գրող Յովհաննէս Թումանեանի արձանը:

«ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Իտալիա պաշտօնական այցին ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ մշակութային համագործակցութեան: Այս ոլորտէն ներս նոյնպէս առանձնացուցած ենք համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւնները: Առաջարկ եղած է Միլանի մէջ Կոմիտասի արձանը տեղադրելու մասին եւ այդ ուղղութեամբ պէտք է աշխատինք: Տեղեկացնեմ, որ կը  նախատեսուի Յովհաննէս Թումանեանի արձանի բացումը Հռոմի մէջ»,- ըսած է Վիքթորիա Պաղտասարեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2019, 08:43