Հայաստան Հիմնադրամի դրամահաւաք Հայաստան Հիմնադրամի դրամահաւաք 

Հայաստան Հիմնադրամի դրամահաւաքին կարգախօսը՝ «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի»։

Հիմնադրամը կոչ կ՛ընէ համայն հայութեան, որ իր գործնական մասնակցութիւնը բերէ համահայկական դրամահաւաքին, միասնական ջանքերով զարգացնելու համար նշեալ համայնքները:

ԵՐԵՒԱՆ.- 28 Նոյեմբերին, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը պիտի իրականացնէ ազգային նուիրատուութեան 22րդ պատկերասփիւռային դրամահաւաքը (թելեթոն, հեռուստամարաթոն), որուն կարգախօսը այս տարի պիտի ըլլայ՝ «Ես իմ անուշ Հայաստանի. կենարար ջուր եւ արեւ համայնքներուն»։

Ունկնդրէ լուրը

Յայտագիրը պատկերասփիւռային ուղղակի սփռումով պիտի սկսի Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի ընկերութենէն, Հայաստանի ժամով երեկոյեան ժամը 10ին:

12 ժամեայ ձեռնարկին առաջին 4 ժամերը այս տարի պիտի իրականացուին Երեւանի մէջ, իսկ յաջորդ 8 ժամերը պիտի սփռուին Լոս Անճելըսէն:

Այս տարուան դրամահաւաքին գումարները պիտի ուղղուին ըմպելի ջուրի մատակարարման եւ արեւային ուժանիւթի ծրագիրներու իրականացման՝ Արցախի եւ Հայաստանի երեք մարզերու մէջ՝ Տաւուշ, Լոռի եւ Շիրակ: Ընդհանուր առմամբ, առաւել քան հարիւր համայնքներ պիտի դառնան ծրագիրներու շահառուներ եւ պիտի ապահովուին մնայուն ջրամատակարարումով, անվճար ջեռուցումով եւ ելեկտրականութեամբ:

Հիմնադրամը կոչ կ՛ընէ համայն հայութեան, որ իր գործնական մասնակցութիւնը բերէ համահայկական դրամահաւաքին, միասնական ջանքերով զարգացնելու համար նշեալ համայնքները:

Նուիրատուութիւններու կամ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել www.himnadram.org կայքը:

Հայաստան համահայկական հիմնադրամին առաքելութիւնը ձեւաւորումն է համահայկական ցանցային համակարգի մը, որուն նպատակը Հայաստանի, Արցախի, նաեւ աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներու համաչափ, կայուն եւ փոխկապակցուած զարգացման ապահովումն է՝ հիմնուելով ընդհանուր ինքնութեան վրայ:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2019, 08:38