Լրագրութիւն Լրագրութիւն 

Թուրքիան կալանաւորուած լրագրողներու թիւով համաշխարհային մրցանիշ արձանագրած Է

Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիս 2016-ին տեղի ունեցած զինուորական յեղաշրջման փորձէն ետք շուրջ 15.000 գիտնական, դատաւոր եւ պետական պաշտօնեայ հեռացուած են աշխատանքէն` յեղաշրջման փորձին առնչակից ըլլալու կասկածով:

Մամուլի միջազգային հիմնարկը հրապարակած է զեկուցում մը, որուն մէջ նշուած է, թէ Թուրքիոյ մէջ ներկայիս կալանաւորուած է 120 լրագրող, ինչ որ աշխարհի վրայ վատագոյն ցուցանիշն է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:

Թուրքիոյ մէջ նոյնիսկ արտակարգ դրութեան աւարտէն ետք ցուցանիշը չէ փոխուած: Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիս 2016-ին տեղի ունեցած զինուորական յեղաշրջման փորձէն ետք շուրջ 15.000 գիտնական, դատաւոր եւ պետական պաշտօնեայ հեռացուած են աշխատանքէն` յեղաշրջման փորձին առնչակից ըլլալու կասկածով:

Ամբողջ աշխարհի վրայ լրատուամիջոցները ուսումնասիրող Մամուլի միջազգային հիմնարկի զեկուցումին մէջ նաեւ նշուած է, որ Թուրքիոյ մէջ կալանքի տակ պահուող լրագրողներուն նկատմամբ ծանր մեղադրանքներ առաջադրուած են, օրինակ` ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ կապ ունենալու համար:

Արտակարգ դրութենէն ետք կալանաւորուած լրագրողներու թիւը 160-էն նուազած է 120-ի, սակայն նոյնիսկ այս ցուցանիշով Թուրքիան կը շարունակէ մնալ աշխարհի վրայ առաջինը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2019, 09:00