Որոնել

Մշակուած է Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման 2020-2030ի ռազմավարութիւնը: Մշակուած է Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման 2020-2030ի ռազմավարութիւնը: 

Մշակուած է Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման 2020-2030ի ռազմավարութիւնը:

Մշակուող ռազմավարութեան գործադրութեան պարագային կ՛ակնկալուի մինչեւ 2030 ապահովել միջազգային այցելութիւններու տարեկան 10 տոկոսի աճ:

Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէն մշակեց Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման 2020-2030 թուականներու ռազմավարութիւնը, կը հաղորդէ Armepress-ը։

Այս մասին հաղորդեց e-draft իրաւական գործերու եւ նախագիծերու հրապարակման միասնական կայքը, ըստ որուն, Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման 2020-2030 ռազմավարութեամբ կը նախատեսուի առաւել արդիւնաւէտ դարձնել զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ պետական քաղաքականութեան իրականացումը՝ ներգրաւելով նաեւ այլ շահագրգիռ կողմեր:

Ռազմավարութեամբ սահմանուած է Հայաստանի զբօսաշրջութեան տեսլականը, առաքելութիւնը եւ հետագայ աճի կարելիութիւնները՝ մինչեւ 2030:

Զբօսաշրջութեան զարգացման այս փաստաթուղթին նպատակն է՝ ունենալ թիրախներ եւ գործողութիւններու ծրագիր, որոնք պիտի ճշդեն, թէ ինչպէ՛ս կարելի է Հայաստանի զբօսաշրջութեան ներուժը վերածել ներքին եւ միջազգայնօրէն գրաւիչ ու մրցունակ զբօսաշրջութեան արդիւնաբերութեան:

Ռազմավարութեան կարգաւորման նպատակն է զբօսաշրջութեան կայուն զարգացման միջոցով նպաստել Հայաստան այցելուներու թիւին աճին եւ ներքին զբօսաշրջութեան խթանման, զբօսաշրջային առաջարկներու բազմազանեցման եւ զբօսաշրջիկներու փորձառութիւններու ընդլայնման, Հայաստանի մէջ զբօսաշրջիկներու այցելութեան ժամանակահատուածի երկարաձգման եւ ծախսի կարելիութիւններու ընդլայնման, ենթակառուցուածքներու եւ մատուցուող ծառայութիւններու որակի բարելաւման, համաշխարհային զբօսաշրջութեան քարտէսին վրայ Հայաստանի դիրքի բարելաւման, զբօսաշրջութեան ոլորտի կրթութեան եւ մասնագիտական որակաւորման համակարգի ամրապնդման:

Մշակուող ռազմավարութեան գործադրութեան պարագային կ՛ակնկալուի մինչեւ 2030 ապահովել միջազգային այցելութիւններու տարեկան 10 տոկոսի աճ, յատկապէս 2030-ին՝ 5.18  միլիոն միջազգային զբօսաշրջիկ:

Զբօսաշրջութեան ներդրումը ընդհանուր զբաղուածութեան մէջ՝ 2030ին՝ 130,647 աշխատատեղ:

Քաղուած  «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2019, 07:00