Տեղահան Սուրիացի մանուկներ Տեղահան Սուրիացի մանուկներ 

Տուժած Սուրիացիներուն oգնելը Հայերուն համար բարոյական պարտականութիւն է. Նիկոլ Փաշինեան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Corriere della Sera» թերթի հետ հարցազրոյցը

Հայաստան կը մտահոգուի Սուրիոյ տարածք թրքական ներխուժումով: ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Corriere della Sera» թերթի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ Հայաստանը դատապարտած է զայն եւ կը կարծէ, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է քայլեր ձեռնարկէ, որպէսզի այսօր Սուրիոյ մէջ գտնուող թրքական ուժերը ետ տարուին թրքական տարածք: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Ունկնդրէ լուրը

Խօսելով Սուրիոյ մէջ պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով ի յայտ եկած փախստականներու խնդրին մասին՝ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանը այս ընթացքին ընդունած է 20 հազար սուրիացի փախստական:

«Բնակչութեան քանակին հետ յարաբերակցութիւնը հաշուի առնելով՝ ընդունած փախստականներու թիւով մենք 3-րդ տեղն ենք: Մենք երեք միլիոն բնակիչ ունինք: Սուրիացի փախստականներուն օգնութեան ձեռք մեկնելը մեզի համար բարոյական առաքելութեան նման բան է: Սուրիան երկիր է, որուն պէտք է օգնել: Մեզի համար ասիկա նախ եւ առաջ մարդասիրական օգնութեան հարց է: Տարուան սկիզբը մեր երկիրը յատուկ առաքելութիւն ուղարկեց այնտեղ՝ բուժանձնակազմ, քաղաքացիական ականազերծողներ»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչու սուրիացիներուն օգնելը հայերուն համար բարոյական առաքելութեան նման բան կը համարուի, Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին սուրիացի ժողովուրդը բազմաթիւ հայեր փրկած է կայսրութեան ռազմական ուժերէն:

«Այդ պատճառով այժմ, երբ սուրիացիները կը տառապին, մենք չենք կրնար մէկ կողմ քաշուիլ: Ուրախ եմ, որ կրնանք մեր բարոյական պարտքը հատուցել: Մեր բժշկական անձնակազմը իրականացուցած է բազմաթիւ վիրաբուժական միջամտութիւններ: Սուրիացի շատ կանայք եւ երեխաներ բուժուած են հայ բժիշկներու կողմէ: Ականազերծողներու կողմէ սուրիացի երեխաներու համար ազատուած են տարածքներ, ուր անոնք կրնան ապահով խաղալ»,- աւելցուցած է ՀՀ վարչապետը:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2019, 08:42