Վենետիկ Վենետիկ 

Նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի Մայրավանքի վանահօր հետ։

Նախագահը իր մտահոգութիւնը յայտնած է բնական աղէտի ու հեղեղումներու հետեւանքով Վենետիկի մէջ, մասնաւորապէս, Սրբ Ղազար կղզիին մէջ եւ անոր շրջակայքը ստեղծուած իրավիճակին առիթով։

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Նոյեմբեր 16-ին, հեռախօսազրոյց ունեցած է Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի Մայրավանքի վանահայր Հ. Համազասպ վարդապետ Քեշիշեանի հետ:

Նախագահը իր մտահոգութիւնը յայտնած է բնական աղէտի ու հեղեղումներու հետեւանքով Վենետիկի մէջ, մասնաւորապէս, Սրբ Ղազար կղզիին մէջ եւ անոր շրջակայքը ստեղծուած իրավիճակին առիթով: Ան հետաքրքրուած է Սրբ Ղազարին, Մայրավանքին ու Մուրատ-Ռաֆայէլեան վարժարանին պատճառուած վնասներով եւ հնարաւոր աջակցութեան տարբերակներով:

Վանահայրը Հայաստանի նախագահին մանրամասն տեղեկացուցած է իրավիճակին մասին՝ յայտնելով, որ Մայրավանքի շէնքն ու շրջակայքը, ինչպէս նաեւ կղզիին մօտ կառանած «Արմէնիա» առագաստանաւը կրած են զգալի վնասներ: Բարեբախտաբար, վանքի մատենադարանը, պատկերասրահը, ձեռագրատունը եւ դիւանը մնացած են անվնաս։ Արդէն իսկ սեփական ուժերով ձեռնամուխ եղած են որոշակի աշխատանքներու իրականացման:

Իր զօրակցութիւնը յայտնելով Մայրավանքի վանահօր եւ միաբանակից հայրերուն, որոնց նուիրուածութեան ու ջանասիրութեան շնորհիւ այսօր կը պահպանուին Սուրբ Ղազար կղզին եւ Մխիթարեաններու ժառանգութիւնը, նախագահը նշած է, որ Սուրբ Ղազարը այսօր բոլորիս ուշադրութեան ու հոգածութեան կարիքը ունի եւ միասնականօրէն պէտք է նեցուկ ըլլանք մեր հոգեւոր հարստութեան ու պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գործին:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2019, 09:41