Որոնել

Հայաստան ներառուած է Freedom House-ի` ազատ համացանց ունեցող երկիրներու ցանկին մէջ Հայաստան ներառուած է Freedom House-ի` ազատ համացանց ունեցող երկիրներու ցանկին մէջ 

Հայաստան ներառուած է Freedom House-ի` ազատ համացանց ունեցող երկիրներու ցանկին մէջ

Համացանցային տիրոյթի ազատութեան ցուցանիշով Հայաստանը 8-րդն է եւ առաջ անցած է այնպիսի երկիրներէ, ինչպիսիք են Ճափոնը եւ Հարաւային Քորէան:

Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է 2019-ին համացանցի ազատութեան առումով վարկանշային ցանկը:

Ունկնդրէ լուրը

«Հայաստանի մէջ կը շարունակուին 2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութեան արդիւնքով յառաջացած դրական փոփոխութիւնները: ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան գլխաւորած է բովանդակութեան սահմանափակումներու եւ օգտատէրերու իրաւուքներու խախտումներու նուազեցման ուղղուած գործողութիւնները…  Թուային լրատուամիջոցները տնտեսական եւ քաղաքական ճնշումներէն մեծ ազատութիւն ստացած են»,- կ՛ըսուի կազմակերպութեան զեկոյցին մէջ:

Համացանցային տիրոյթի ազատութեան ցուցանիշով Հայաստանը 8-րդն է եւ առաջ անցած է այնպիսի երկիրներէ, ինչպիսիք են Ճափոնը եւ Հարաւային Քորէան:

Հարեւան Վրաստանը 1 կէտ պակաս հաւաքած է եւ նոյնպէս ներառուած է ազատ համացանցային տիրոյթ ունեցող երկիրներու ցանկին մէջ:

Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան ընդգրկուած են անազատ համացանցային տիրոյթ ունեցող երկիրներու ցանկին մէջ եւ համապատասխանաբար 39 եւ 37 կէտ ստացած են:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2019, 08:09