Որոնել

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը 

Պոլսոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը կասեցնելու համար դատ կը բացուի:

85-րդ պատրիարքի ընտրութիւնը կազմակերպող Նախաձեռնարկ մարմինը աւելի ուշ որոշեց չբողոքել այս կանոնադրութեան դէմ, շարունակելով ընտրութեան գործընթացը:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը 24 Սեպտեմբերին, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարան ուղարկած էր պատրիարքի ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը, որ կը սահմանափակէր արտասահման բնակող եպիսկոպոսներու մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն, շարք մը այլ անօրէն միջամտութեանց կողքին։

85-րդ պատրիարքի ընտրութիւնը կազմակերպող Նախաձեռնարկ մարմինը աւելի ուշ որոշեց չբողոքել այս կանոնադրութեան դէմ, շարունակելով ընտրութեան գործընթացը:

Կանոնադրութեամբ պարտադրուող սահմանափակումը դժգոհութիւն յառաջացուցած է պոլսահայ համայնքին մէջ։ «Ակօս» թերթը կը գրէ, թէ վերջերս կազմուած «Հանրային նախաձեռնող խումբ»ը 5 Նոյեմբերին դատական հայց ներկայացուց այդ կանոնադրութեան վերաբերեալ: Խումբը այդ մասին յայտարարութիւն մը տարածեց՝ նշելով, որ պատրիարքի տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեանին, Հոգեւոր խորհուրդի ղեկավար Արամ արք. Աթէշեանին եւ Նախաձեռնարկ մարմինի անդամներուն ուղղուած իրենց կոչերը՝ բողոքարկելու կանոնադրութեան խնդրայարոյց կէտերը, որեւէ արդիւնք չեն տուած եւ այդ պատճառով որոշուած է դիմել այս միջոցին։

«Բոլորը շարունակեցին մտածել, որ մեր ապագան վտանգելու գինով կը փրկեն ներկան: Բոլորը կ՛ընդունին, որ այս կանոնադրութիւնը խնդրայարոյց է, սակայն բոլորը չեն հակադարձեր: Որպէսզի կարենանք նայիլ գալիք սերունդներու աչքերուն եւ անոնց աւելի յուսալի ապագայ մը յանձնել, իրաւական գործընթացի դիմած ենք ընտրական գործընթացը դադարեցնելու համար»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը աւանդաբար կը կազմակերպուի 1863-ի Ազգային սահմանադրութեան դրոյթներով, սակայն իւրաքանչիւր ընտրութենէ առաջ, պետութիւնը ուղարկած է սահմանադրութեան վրայ հիմնուած կանոնադրութիւն, որուն վրայ հիման վրայ իրականացուած է ընտրութիւնը: Ուշագրաւ է, որ 1961-ի, 1990-ի եւ 1998-ի պատրիարքական ընտրութիւններուն համար պետութեան ղրկած կանոնադրութեանց մէջ նման սահմանափակումներ չէին դրուած եւ 1961-էն ի վեր ընտրուած երեք պատրիարքներէն երկուքը արտասահմանէն եղած են:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2019, 07:50