«Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան գերակայ խնդիրները» նիւթով գիտաժողով «Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան գերակայ խնդիրները» նիւթով գիտաժողով 

«Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան գերակայ խնդիրները» նիւթով գիտաժողով

Գիտաժողովին մասնակցեցան գիտնականներ եւ հետազօտողներ՝ Երեւանէն, Պէյրութէն եւ Փարիզէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պետական եւ հանրային կառոյցներու շարք մը ներկայացուցիչներ:

Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան գերակայ խնդիրները» նիւթով միջազգային գիտաժողովը, որ կազմակերպուած էր հիւրընկալ հիմնարկի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան բաժանմունքը եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը: Գիտաժողովին մասնակցեցան գիտնականներ եւ հետազօտողներ՝ Երեւանէն, Պէյրութէն եւ Փարիզէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պետական եւ հանրային կառոյցներու շարք մը ներկայացուցիչներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ կազմակերպիչներէն՝ դոկտ. Ռուբէն Կարապետեան, որմէ ետք ողջոյնի խօսքեր յղեցին ԳԱԱ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի քարտուղար Եուրի Սուվարեան, ԳԱԱ անդամ դոկտ. Պաւէլ Աւետիսեան եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան:

Գիտաժողովի առաջին նիստն ընթացաւ՝ «Սփիւռքի ուսումնասիրութեան գերակայ խնդիրները» խորագիրով: Զեկոյցներ ներկայացուցին վեր. Հայտոսթեան, դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան եւ Վահրամ Հովեան:

Երկրորդ նիստին՝ «Սփիւռքի ուսումնասիրութեան միջգիտակարգային  մօտեցումներ. հետազօտութեան տիրոյթներ եւ խնդիրներ» խորագիրով, զեկուցումներով ելոյթ ունեցան՝ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան, դոկտ. Միհրան Գալստեան, Տորք Դալալեան եւ վեր. դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան:

Երրորդ նիստը նուիրուած էր «Սփիւռքի ուսումնասիրութեան մեթոդաբանութիւն. մեթոդների կիրառութեան ու գործիքակազմի ընտրութեան հարցեր» նիւթին: Ուսումնասիրութիւններ ներկայացուցին՝ Ռուբէն Օհանջանեան, Սիւզաննա Բարսեղեան, Սոնա Ներսիսեան եւ Լուսինէ Տանաջեան:

Գիտաժողովի փակման խօսքով հանդէս եկաւ դոկտ. Կարապետեան. ամփոփիչ խօսք յղեցին նաեւ Միհրան Գալստեան, Սամուէլ Մկրտչեան, Անդրանիկ Տագէսեան, վեր. Փօլ Հայտոսթեան:

Գիտաժողովին զուգահեռ տեղի ունեցաւ նաեւ «Լիբանանահայերն Այսօր» հատորին շնորհահանդէսը, որ գիտաժողովը կազմակերպողներուն համատեղ երկրորդ աշխատութիւնն է:

(Թղթակցութիւնը՝ համալսարանէն)

Քաղուած «Եռազոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2019, 09:57