Ռուսիա կը ցաւակցի Սուրիոյ մէջ հայ հոգեւորականին սպանութեան Ռուսիա կը ցաւակցի Սուրիոյ մէջ հայ հոգեւորականին սպանութեան 

Ռուսիա կը ցաւակցի Սուրիոյ մէջ հայ հոգեւորականին սպանութեան

«Մենք անկեղծ ցաւակցութիւն կը յայտնենք զոհուածներու հարազատներուն եւ Սուրիոյ հայ համայնքին»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա շաբաթական ճեպազրոյցին ընթացքին ցաւակցութիւն յայտնեց Գամիշլիի հայ հոգեւորական Յովսէփ քհնյ. Պետոյեանի եւ անոր հօր` Աբրահամ Պետոյեանի սպանութեան առիթով:

«Մենք անկեղծ ցաւակցութիւն կը յայտնենք զոհուածներու հարազատներուն եւ Սուրիոյ հայ համայնքին», «Ռուսարմինֆօ» կայքին համաձայն, ըսած է Զախարովա` անդրադառնալով Սուրիոյ հիւսիսը հաստատուած զինադադարին եւ անկէ ետք ստեղծուած իրավիճակին:

Ան նշած է, որ Սուրիոյ կառավարութեան վերահսկողութեան տակ չգտնուող տարածքներուն մէջ քրիստոնեաներուն նկատմամբ բռնութեան եւ ահաբեկչութեան գործողութիւնները վրդովմունք կը յառաջացնեն:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2019, 09:03