Կմախքի լուսանկար Կմախքի լուսանկար 

Հայաստանի մէջ 2600 տարուան հնութեամբ կին մարտիկի զերեզման մը գտնուած է :

Հնագէտները մնացորդները գտած են Լոռիի մարզի Բովեր 1-ին գերեզմանատան մէջ դեռ 2017-ին։

Հայաստանի հիւսիսը յայտնաբերուած աւելի քան  2600 տարեկան ոսկորներու հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ անոնք պատկանած են Ուրարտական թագաւորութեան կին մարտիկի մը, կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը։

Ամենայն հաւանականութեամբ` ան զոհուած է մարտի դաշտին մէջ: Հետազօտողները կ՛ենթադրեն, որ այդպիսի կին մարտիկներ ոգեշնչած են հին յոյները` ամազոնուհիներու կերպարի ստեղծման մէջ: Հնագէտներու աշխատութիւնները հրապարակած է International Journal of Osteoarchaeology գիտական հանդէսը:

Հնագէտները մնացորդները գտած են Լոռիի մարզի Բովեր 1-ին գերեզմանատան մէջ դեռ 2017-ին։ Ըստ խեցեգործութեան եւ զարդերուն, գիտնականները յուղարկաւորութիւնը կը թուագրեն Ք․ա 8-6-րդ դարերով, երբ ներկայիս Հայաստանի տարածքին կը ծաղկէր Ուրարտական թագաւորութիւնը: Ան աշխոյժ նուաճողական քաղաքականութիւն կը վարէր մինչեւ Ք․ա 6-րդ դարու աւարտը, երբ թագաւորութիւնը ինկաւ սկիւթերու, կիմերներու եւ մարերու համատեղ հարուածին տակ:

Կմախքի ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ անիկա պատկանած է մօտ 20 տարեկան կնոջ մը: Զարդերը կը խօսէին յուղարկաւորուածի բարձր կարգավիճակի մասին: Առաւել մանրամասն հետազօտութիւնը թոյլ տուած է գիտնականներուն եւս մէկ կարեւոր եզրակացութիւն ընելու ` կինը, ամենայն հաւանականութեամբ, նաեւ մարտիկ եղած է:

Ոսկորներու կառուցուածքն ու վնասուածքները գիտնականներուն յուշած են, որ ան լաւ զարգացած մկաններ ունեցած է: Հաւանական է, որ ան նետաձիգ եղած է: Ճակատամարտերու մէջ անոր մասնակցութեան մասին վկայած է աղեղի երկաթի ծայրը, որ խրուած եղած է ձախ ծունկին մէջ: Սակայն այս վէրքը բուժուած է մարտիկին մահէն երկար ժամանակ առաջ: Գիտնականներու խօսքով` ան մահացած է այլ վէրքերէ: Մասնագէտները անոր ոսկորներուն մէջ յայտնաբերած են առնուազն երեք լուրջ վնասուածքներու հետքեր, որոնք, նախնական վարկածի համաձայն, եղած են կացինով եւ թուրով: Հնագէտները կ՛ենթադրեն, որ այդ վնասուածքները մէկ մարդու կողմէ չեն եղած, եւ կ՛եզրակացնեն, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, կինը զոհուած է մարտի դաշտին մէջ:

Ասոնք հին Ուրարտուէն կին մարտիկներու առաջին մնացորդները չեն, որ կը յայտնաբերուին հնագէտներու կողմէ: Պատմական այլ աղբիւրներ կ՛ըսեն, որ այդ պետութեան մէջ կանայք մարտնչած են տղամարդոց հետ ուս-ուսի: Այդ պատճառով գիտնականները կ՛ենթադրեն, որ  Ուրարտուի բնակչուհիները ոգեշնչած են հին յոյները` ամազոնուհիներու կերպարը կերտելու մէջ` պատերազմող ժողովուրդ, որ բաղկացած էր միայն կիներէ:Ըստ խեցեգործութեան եւ զարդերուն, գիտնականները յուղարկաւորութիւնը կը թուագրեն Ք․ա 8-6-րդ դարերով, երբ ներկայիս Հայաստանի տարածքին կը ծաղկէր Ուրարտական թագաւորութիւնը: Ան աշխոյժ նուաճողական քաղաքականութիւն կը վարէր մինչեւ Ք․ա 6-րդ դարու աւարտը, երբ թագաւորութիւնը ինկաւ սկիւթերու, կիմերներու եւ մարերու համատեղ հարուածին տակ:

Կմախքի ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ անիկա պատկանած է մօտ 20 տարեկան կնոջ մը: Զարդերը կը խօսէին յուղարկաւորուածի բարձր կարգավիճակի մասին: Առաւել մանրամասն հետազօտութիւնը թոյլ տուած է գիտնականներուն եւս մէկ կարեւոր եզրակացութիւն ընելու ` կինը, ամենայն հաւանականութեամբ, նաեւ մարտիկ եղած է:

Ոսկորներու կառուցուածքն ու վնասուածքները գիտնականներուն յուշած են, որ ան լաւ զարգացած մկաններ ունեցած է: Հաւանական է, որ ան նետաձիգ եղած է: Ճակատամարտերու մէջ անոր մասնակցութեան մասին վկայած է աղեղի երկաթի ծայրը, որ խրուած եղած է ձախ ծունկին մէջ: Սակայն այս վէրքը բուժուած է մարտիկին մահէն երկար ժամանակ առաջ: Գիտնականներու խօսքով` ան մահացած է այլ վէրքերէ: Մասնագէտները անոր ոսկորներուն մէջ յայտնաբերած են առնուազն երեք լուրջ վնասուածքներու հետքեր, որոնք, նախնական վարկածի համաձայն, եղած են կացինով եւ թուրով: Հնագէտները կ՛ենթադրեն, որ այդ վնասուածքները մէկ մարդու կողմէ չեն եղած, եւ կ՛եզրակացնեն, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, կինը զոհուած է մարտի դաշտին մէջ:

Ասոնք հին Ուրարտուէն կին մարտիկներու առաջին մնացորդները չեն, որ կը յայտնաբերուին հնագէտներու կողմէ: Պատմական այլ աղբիւրներ կ՛ըսեն, որ այդ պետութեան մէջ կանայք մարտնչած են տղամարդոց հետ ուս-ուսի: Այդ պատճառով գիտնականները կ՛ենթադրեն, որ  Ուրարտուի բնակչուհիները ոգեշնչած են հին յոյները` ամազոնուհիներու կերպարը կերտելու մէջ` պատերազմող ժողովուրդ, որ բաղկացած էր միայն կիներէ:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2019, 10:46