Որոնել

ՈՒԷՆՍՔՕ ՈՒԷՆՍՔՕ 

Հայաստան ընտրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կրթութեան բիւրոյի խորհուրդի եւ խլխաւոր համաժողովի իրաւական կոմիտէի անդամ:

Կրթութեան միջազգային բիւրոն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաջին կարգի հիմնարկ է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամ բոլոր պետութիւններուն կը տրամադրէ կրթութեան ոլորտի մէջ մասնագիտական աջակցութիւն եւ փորձաքննութիւն:

ՀՀ ԱԳՆ-էն կը յայտնեն, որ Փարիզի մէջ տեղի ունեցող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գլխաւոր համաժողովի 40-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս Նոյեմբեր 21-ին Հայաստան ընտրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կրթութեան միջազգային բիւրոյի խորհուրդի (2019-2023 ժամանակահատուածի համար) եւ Գլխաւոր համաժողովի իրաւական կոմիտէի անդամ (41-րդ նստաշրջանի համար):

Կրթութեան միջազգային բիւրոն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաջին կարգի հիմնարկ է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամ բոլոր պետութիւններուն կը տրամադրէ կրթութեան ոլորտի մէջ մասնագիտական աջակցութիւն եւ փորձաքննութիւն:

Իրաւական կոմիտէն պատասխանատու է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կանոնադրութեան եւ այլ հիմնարար իրաւական օրէնքին մէջ առաջարկուող փոփոխութիւնները մեկնաբանելու եւ Գլխաւոր համաժողովի փաստաթուղթերու վերաբերեալ մասնագիտական կարծիքի ներկայացնելու համար:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2019, 12:49