Որոնել

2019.06.10 patriarca maronita Bechara Rai 2019.06.10 patriarca maronita Bechara Rai 

Ռայի Պատրիարք. «Նոր կառավարութեան կազմութեան խոչընդոտումը ինքնամեղադրում է` քայքայում եւ պետութեան փլուզում յառաջացնելու յանցանքով»:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ պէտք է շարունակենք աղօթել եւ աղերսել, որ Աստուած Լիբանանի նաւը ազատէ ընկղմելէն:

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի 10 նոյեմբերին, Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ պէտք է շարունակենք աղօթել եւ աղերսել, որ Աստուած Լիբանանի նաւը ազատէ ընկղմելէն: Ան աւելցուց, որ հակառակ որ պետութեան կապերը կը քայքայուին, երիտասարդութիւնը եւ ժողովուրդը կը կառչին երկրին:

Ունկնդրէ լուրը

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ այսօր Լիբանան կը գտնուի ղեկավարութեան եւ կառավարման վերանորոգութեան գործընթացին մէջ` նշելով, որ վերանորոգութիւն կը պահանջուի սահմանադրական կառոյցներէն եւ պետական կառավարման մարմիններէն: Ըստ պատրիարքին, պէտք է ապահովել ընդհանուր բարեկեցութիւնը եւ տնտեսական, ելեւմտական ու ընկերային աճը, որոնք տուժած են երկրին մէջ խորացած փտածութեան պատճառով: Պատրիարքը կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահին կատարելու խորհրդարանական խորհրդակցութիւնները` նշանակելու վարչապետ եւ անոր հետ արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը, որ կը գոհացնէ ժողովուրդին եւ երիտասարդութեան` նշելով, որ երկրին վիճակը այլեւս մէկ օր ուշացումի չի դիմանար:

Պատրիարքը ընդգծեց, որ խոչընդոտել նոր կառավարութեան կազմութիւնը, որ կը վայելէ ժողովուրդի վստահութիւնը եւ ունակ է վերանորոգելու կառոյցներն ու մարզերը, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ տնտեսական եւ ելեւմտական զարթօնքին, ինքնամեղադրում է` քայքայում եւ պետութեան փլուզում յառաջացնելու յանցանքով:

Պատրիարքը շեշտեց, որ վերանորոգութեան կոչ ուղղողները այսօր Լիբանանի երիտասարդութիւնն ու ժողովուրդն են տարբեր կրօններէ, համայնքներէ, կուսակցութիւններէ եւ գոյներէ: Ան աւելցուց, որ ասիկա քաղաքակիրթ եւ շինիչ յեղափոխութիւն է, որ կը ձգտի ստեղծել լիբանանեան պետութիւն` ժողովուրդի բարեկեցութեան եւ ապահովութեան համար: Ան ափսոսանք յայտնեց, որ կարգ մը կուսակցութիւններ եւ անհատներ չեն համընկնիր այս երիտասարդներուն հետ, եւ իրենց նիւթական, քաղաքական եւ անձնական շահերը աւելի վեր կը դասեն հանրային շահէն: Պատրիարքը շեշտեց, որ ոչ ոք ժողովուրդէն եւ յատկապէս երիտասարդութենէն աւելի հզօր է` նշելով, որ ժողովրդային պահանջները սակարկութեան ենթակայ չեն:

Պատրիարքը կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն, որ կը վայելէ ժողովուրդին վստահութիւնը եւ կարողութիւն ունի վերանորոգութիւն կատարելու կառոյցներուն եւ զանազան մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ տնտեսական եւ ելեւմտական զարթօնքին: Պատրիարքը շեշտեց, որ երկրին կառոյցը պէտք է թարմացուի այնպիսի պատասխանատուներով, որոնք անաչառ են, նուիրուած, մասնագէտ, փորձառու, որպէսզի կարենան փրկել Լիբանանը:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2019, 12:19