Ախալքալաքի մէջ  թալանուած  վանք սրբատեղին: Ախալքալաքի մէջ թալանուած վանք սրբատեղին: 

Ախալքալաքի մէջ 2-րդ անգամ ըլլալով թալանուած ու աւերուած է վանք սրբատեղին:

Սրբատեղին առաջին անգամ աւերած էին ապրիլ 2019-ին:

Այս տարի երկրորդ անգամ ըլլալով Ախալքալաքի Ճգնաւոր կամ Վանք կոչուող սրբատեղին տակնուվրայ ըրած են եւ սրբապատկերները դարձեալ կոտրած ու թափած: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը գրէ «Ճնիուզ»-ը:

Սրբատեղին առաջին անգամ աւերած էին ապրիլ 2019-ին: Օրին եկեղեցին աւերուած տեսած էին Խուլգումօ գիւղի երիտասարդները, որոնք ուխտի գացած էին եւ պատահաբար աւերուած տեսած սրբատեղին:

Այս դէպքին առիթով Ախալքալաքի ոստիկանութեան բաժանմունքը քրէական գործ յարուցած էր: Հետաքննութիւն սկսած էր քրէական օրէնսգիրքի 259-րդ յօդուածի առաջին մասին հիմամբ, որ կ՛ենթադրէ «Մշակութային ժառանգութեան կամ Վրաստանի օրէնսդրութեամբ պաշտպանուած այլ մշակութային յուշարձանները կանխամտածուած վնաս պատճառել»:

Յանցանքը կը նախատեսէ տուգանք կամ մինչեւ երկու տարուան բանտարկութիւն:

Ախալքալաքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ դպիր Նայիր Մելիքեան իր դիմատետրեան էջին վրայ նկարներ եւ տեսագրութիւն հրապարակած է, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ է վանքը: Ան տեսագրութեան մէջ մարդիկը կը յորդորէ չկորսնցնել իրենց խիղճը:

Երիտասարդները վանքը հաւաքած եւ մաքրած են:

Այս սրբատեղին 16 մայիս 2018-ին ստացած է մշակութային ժառանգութեան յուշարձանի կարգավիճակ:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2019, 08:31