Որոնել

Հոկտեմբեր 19-ին պիտի նշուի Երեւանի հիմնադրութեան 2801-ամեակը Հոկտեմբեր 19-ին պիտի նշուի Երեւանի հիմնադրութեան 2801-ամեակը 

Հոկտեմբեր 19-ին պիտի նշուի Երեւանի հիմնադրութեան 2801-ամեակը

Այս տարուան ընտրուած է «Սրտումս Երեւան» կարգախօսը։

Երեւանի քաղաքապետարանը կը տեղեկացնէ, որ Հոկտեմբեր 19-ին՝ քաղաքի օրը պիտի տօնեն մայրաքաղաքի բոլոր վարչական շրջաններու մէջ:

Այս տարուան ընտրուած է  «Սրտումս Երեւան» կարգախօսը։

 «Պիտի ներկայացուի մէկ տարուան հաշուետուութիւնը, տեղի պիտի ունենայ նաեւ պարգեւատրման արարողութիւն եւ մշակութային մաս»,- ըսած է Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Տիգրան Վիրաբեան:

 Երեւանի ծննդեան տօնին պիտի հնչէ մանսուրեանական երաժշտութիւն: Այս օրերուն Տիգրան Մանսուրեանի «Հետեւի՛ր արեւին, արի՛ Երեւան» ստեղծագործութեան հիման վրայ կը նկարահանուի տեսահոլովակ, ուր ընդգրկուած են մշակութային յայտնի գործիչներ, արուեստագէտներ, պետական ու քաղաքական դէմքեր, որոնց շարքին՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան:

 «էրեբունի – Երեւան 2801»-ի ձեռնարկները պիտի սկսին ժամը 13:00-ին, իսկ հիմնականը՝ 19:00-22:00:

 Վարչական շրջաններու մէջ պիտի հնչեն ամենատարբեր ոճերու երաժշտութիւն: Աջափնեակի մէջ պիտի ըլլայ էստրադային համերգ, Աւանի մէջ ծրագիրը մանկապատանեկան է: Դասականներու սիրահարներուն Երեւանը կը հրաւիրէ Արաբկիր: Հայկական ճազի երգիչները ելոյթ պիտի ունենան Դաւթաշէնի մէջ: Էրեբունիի մէջ՝ ժողովրդական երգ ու պար, Կեդրոնին մէջ` փոփ համերգ: Մալաթիայի մէջ՝ էստրադային, Նոր Նորքի մէջ` էլեկտրոնային, իսկ Նորք-Մարաշի՝ ազգագրական երաժշտութիւն: Ռոքի հայ երգիչները ելոյթ պիտի ունենան Նուբարաշէն, հեղինակ-կատարողները` Շէնգաւիթի մէջ: Քանաքեռ-Զէյթունի մէջ՝ ռեթրօ երաժշտութիւն:

 «էրեբունի-Երեւան 2801» պաշտօնական ձեռնարկը ու համերգը տեղի պիտի ունենայ Ա.Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ: Ելոյթ պիտի ունենան Յովհաննէս Չէքիջեանի ղեկավարած Ազգային ակադեմիական երգչախումբը եւ Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը:

 Ժամը 22:00-ին տեղի պիտի ունենայ վարչական շրջաններու միաժամանակեայ հրավառութիւն:

Քաղուած  «Եռագոյն» էն 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2019, 08:55