Որոնել

Անթիլիասի մայրավանք Անթիլիասի մայրավանք 

ՖԻՆԻՒԼ-ի Խաղաղապահ ուժերուն Հայկական ջոկատը` Անթիլիասի մէջ:

«Թող աշխարհը դիտէ, հոն` Սուրիոյ մէջ, Թուրք բանակը ջարդ կը կատարէ, իսկ հոս` Լիբանանի մէջ, Հայոց բանակը խաղաղութեան լծուած Է» կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս:

Շաբաթ, 12 հոկտեմբեր 2019-ին, Լիբանանի հարաւը տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հայկական ջոկատը, գլխաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Դեսպան Աթաբէկեան խօսք առնելով զինուորներուն յայտնեց, որ անոնք կը գտնուին հայապահպանութեան կարեւորագոյն կեդրոնին մէջ, որ ո՛չ միայն Լիբանանի մակարդակով, այլ աշխարհասփիւռ հայութեան համար կենսական դերակատարութիւն ունի, ապա հրաւիրեց վեհափառ հայրապետը ուղղելու համար իր խօսքը:

Վեհափառ հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց անգամ մը եւս հայոց բանակի զինուորներուն հետ ըլլալուն համար եւ ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր հայ զինուոր հերոս մըն է` պատրաստ իր կեանքը զոհելու հայրենիքի ազատութեան համար, եւ սա հայրենասիրութեան, հաւատքի, նուիրումի ու յանձնառութեան արտայայտութիւն է, ըսաւ ան` վկայակոչելով հայոց պատմութեան սրբագոյն պատերազմներէն Վարդանանց պատերազմը, ուր նոյնիսկ ուժերու անհաւասարակշռութիւնը եւ ֆիզիքական ծանր կորուստները արգելք չհանդիսացան գերագոյն յաղթանակ արձանագրելու: Վեհափառ հայրապետը աւելցուց, որ թերեւս այսօր եւս մեր դէմ կը պարզուին ծանր զէնքեր, ի մասնաւորի Ազրպէյճանի կողմէ, սակայն մենք ունինք մեր հաւատքը, կամքն ու վճռակամութիւնը:

«Մենք բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութիւն ունինք հայ զինուորին ու բանակին հանդէպ եւ պատրաստ ենք ամէն իմաստով զօրավիգ կանգնելու անոնց, որովհետեւ հայոց բանակի հզօրացումը Հայաստանի, Արցախի եւ համայն սփիւռքի հզօրացումն է», նշեց վեհափառ հայրապետը: «Ուրախ եմ, որ դուք` իբրեւ խաղաղապահ ուժ, կը գտնուիք հարաւային Լիբանան: Թող աշխարհը ականատես ըլլայ, որ մինչ Սուրիոյ մէջ թուրք բանակը մարդ կը ջարդէ «խաղաղութեան» անուան տակ, հայոց բանակը խաղաղութեան կը մղէ հարաւային Լիբանանը», հաստատեց վեհափառ հայրապետը:

Ան իր խօսքը շարունակեց լուսարձակի տակ առնելով հայոց ազատագրական պայքարը եւ շեշտեց, որ մեր խլուած իրաւունքներուն վերատիրացած ենք արեան գնով, եւ Արցախի դէմ որեւէ ոտնձգութիւն իր դիմաց կը գտնէ հայութեան հաւաքական կամքը, եւ դիտել տուաւ, որ ի պահանջել հարկին բոլոր հայերը կը դառնան հայոց բանակին մէկական զինուորներ:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ հայ զինուորը մնայ հզօր եւ Անոր պաշտպանութեան հովանիին ներքեւ:

Աւարտին, վեհափառ հայրապետը զինուորներուն նուիրեց աղօթագիրքեր եւ խաչեր:

Նշենք, որ ջոկատը շրջեցաւ մայրավանքի շրջափակը, այցելեց մայր տաճար, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակի յուշակոթող, յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն` Սրբոց նահատակաց մատրան առջեւ:

Ջոկատը նաեւ այցելեց Ս. Աստուածածին վանք, Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, Հայկազեան համալսարան, հայ կաթողիկէ համայնքի Ս. Փրկիչ եկեղեցի եւ Զմմառու վանք:

Զմմառու վանքէն ներս
Զմմառու վանքէն ներս

 

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2019, 08:51