73232597_2698222196882894_5212282841961857024_n.jpg

ՀՀ ԱԺ Նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամներու այցը Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարան։

Պատուիրակութիւնը Իտալիոյ Խորհրդարանի նախագահի հրաւէրով պաշտօնական այցով կը գտնուի Հռոմ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Կաթողիկէ վարժարանը ու Հռոմի Հայ գաղութը ապրեցան իրենց կեանքի այլ պատմական  պահերէն մին։

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 27 հոկտեմբերին, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեան ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները  այցելելիցն Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարանը ու ներկայ գտնուեցան Վարժարանիս Սուրբ նիկողայոսի անուան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Վարժարանիս մեծաւոր՝ Գերյ Նարեկ Ծ.Վ. Նաամոյանի գլխաւորած կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀՀ Իտալիոյ եւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները, կղերական դասը, Անարատ Յղութեան միաբանութեան առաքինազարդ քոյրերը, Հռոմի Համայնքի ներկայացուցիչներ ու մեծ թիւով հռոմաբնակ հայ երիտասարդներ։

Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ՝ 1999-ի 27 հոկտեմբերի ՀՀ Ազգային Ժողովի մէջ կիրարկուած ահաբեկչական արարքի  զոհերուն։

ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Իտալիոյ Խորհրդարանի նախագահի հրաւէրով պաշտօնական այցով կը գտնուի Հռոմ,  ուր նախատեսուած են քաղաքական ու քաղաքացիական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներ։ Պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ նաեւ Նափոլի քաղաքը ուր պիտի ունենայ այլ պաշտօնական հանդիպումներ։

Սուրբ Նիկողայոսի անուան եկեղեցւոյ մէջ կայացած սրբազան արարողութեան աւարտին Վարժարանիս մեծաւոր Գերյ Նաամոյեան բարի գալուստի իր խօսքը ուղղելով հիւրերուն նշեց թէ «1883-ին ծնունդ առած Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարանը կտոր մը հայկական հող է»  եւ թէ Ան կը շարունակէ ըլլալ «հաստատուն սիւն մը եւ զօդ մը հայ ժողովուրդի եւ Հռոմի ու մանաւանդ Սուրբ Աթոռի միջեւ»։

Գերյարգելի Նաամոյեան նշեց ապա թէ  Լեւոնեան Վարժարանը «Կը ներկայանայ իբր լուսաւոր կենդրոն մը, ուր բազմաթիւ սերունդներ կերտուած են. ուրկէ դուրս եկած են հոգեւոր եւ մշակութային դէմքեր. նուիրեալ հոգեւոր հովիւներ, որոնց կարգին ցեղասպանութեան տարիներուն անմահութեան պսակին արժանացած մեծ թիւով նահատակ հոգեւորականներ»։

«Այս յարկին մէջ սնած եւ կերտուած են Հայ Կաթողիկէ պատրիարք կաթողիկոսներ, որոնց ամենէն կարկառուն դէմքերէն կը ներկայանայ կարդինալ Աղաճանեան, որ հպարտութիւն է ամբողջ հայութեան համար» ըսաւ ապա Մեծաւոր Վարդապետը ու ակնարկեց Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ասդին երկիրն դիմագրաւած  մարտահրաւէրներուն, աղօթք ապահովեցնելով որպէսզի «Աստուած ղեկավարութեան, քաղաքական եւ դիւանագիտական գործիչներուն պարգեւէ հարկաւոր ուժը, կարողութիւնը եւ իմաստութեան, խոհեմութեան եւ համեստութեան առաքինութիւնները՝ լաւագոյնս կատարելու իրենց ծառայութիւնը մեր ժողովուրդի բարիքին եւ Հայրենիքի բարգաւաճման ի սպաս»։

Խօսք առաւ նաեւ ԱԺ նախագահ Տիար Արարատ Միրզոյեան որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց 20րդ տարեդարձի առթիւ 27 հոկտեմբերի զոհերուն ի յիշատակ կատարուած ոգեկոչման համար եւ ուրախութիւնը յայտնեց որ Հռոմաբնակ հայ հասարակութիւնը կը շարունակէ կառչած մնալ իր հայու ինքնութեան եւ հաւատքին։

Արարատ Միրզոյեան անդրադարձ կատարեց նաեւ ՀՀ մարտահրաւէրներու մասին, ըլլայ ներքին ըլլայ արտաքին քաղաքականութեան առումով, այդ ուղղութեամբ հաւաստիացնելով որ՝ Հայաստանի քաղաքական իշխանութիւններն ու ժողովուրդը իրենց լաւագոյն ջանքերը կը դափեն այդ մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար եւ հայրենիքը ուժեղացնելու  համար։

Սուրբ Նիկողայոսի Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած արարողակարգէն ետք բոլոր ներկաները փոխադրուեցան Լեւոնեան Վարժարանի ներքնագաւիթ, ուր նախատեսուած էր կոկիկ հիւրասիրութիւն որուն աւարտին  Վարժարանիս մեծաւորը  դարձեալ խօսք առնելով, ուզեց յատուկ նուէրներ շնորհել պատուական հիւրերուն։

Այսօր. ըսաւ Ան. Հայ Եկեղեցին կը տօնէ գիւտ խաչի տօնը ու այս առթիւ որպէս ձեր այս այցելութեան յիշատակ, մտածեցի խաչեր նուիրել։

«Խաչը որ կը խորհրդանշէ քրիստոնէական հաւատքի յաղթանակը ու կը խորհրդանշէ նաեւ հայ ազգին հաւատքը ու անոր այդ հաւատքին կառչունութիւնը», ըսաւ Գերյ Նաամոյեան որ բացատրեց թէ ուզեց այդ մտերմիկ պահը ապրիլ ոչ թէ Վարժարանին պաշտօնական դահլիճին մէջ, այլ ներքնագաւիթին մէջ, ուր ամէն կիրակի հռոմաբնակ հայերը կը համախմբուին պատարագէն ետք, միասին կիսելու իրենց ուրախութիւններն ու հոգերը։  

«Ես ձեր աշխատանքը կը նմանեցնեմ կղերականներու առաքելութեան։ Մենք առանց ժողովրդին ոչինչ ենք ու ձեր գործն ալ  առանց ժողովուրդին անիմաստ է» ըսաւ Գերյարգելի Նաամոյեան, դիտել տալով որ «ասոր համար ուզեցի այստեղ համախմբուիլ, այս վայրը՝ ուր մեր ժողովուրդը կ՛ապրի իր առօրեայ կեանքի պահեր»։

ՀՀ ԱԺ նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՀ ԱԺ Հայաստան-Իտալիա բարեկամական խումբի ղեկավար Մարիա Կարապետեանը, խումբի անդամներ Ծովինար Վարդանեանը, Իվետա Տոնոյանը, Յովհաննէս Յովհաննիսեանը, Գէորգ Գորգիսյանը եւ ՀՀ ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Սուրէն Գրիգորեանը: Անոնք առիթը ունեցան շփուելու ու զրուցելու Հռոմ ապրող իրենց ազգակիցներուն հետ։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2019, 09:00