Որոնել

Շարլ Ազնաւուր Շարլ Ազնաւուր 

Ազնաւուրի մեծարանքի երեկոյթ՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի Փարիզի կեդրոնին մէջ

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նախագահուհի Օտրէ Ազուլէ ընդգծեց միջազգային եւ մարդասիրական ծաւալը «գաղթականի զաւակ» այն մեծ արուեստագէտին, որ դարձաւ ֆրանսերէնի լաւագոյն դեսպանը աշխարհի մէջ

Հոկտեմբեր 10-ի երեկոյեան, առաւել քան հազար հանդիսականներ լեցուցած էին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փարիզեան կեդրոնի սրահը՝ վայելելու համար Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին նուիրուած համերգը, զոր կազմակերպած էր նշեալ կազմակերպութեան ֆրանսախօսներու խումբը: Այս մասին կը հաղորդէ “Նոր Յառաջ”-ը։

Ունկնդրէ լուրը

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նախագահուհի Օտրէ Ազուլէ ընդգծեց միջազգային եւ մարդասիրական ծաւալը «գաղթականի զաւակ» այն մեծ արուեստագէտին, որ դարձաւ ֆրանսերէնի լաւագոյն դեսպանը աշխարհի մէջ, յիշեցնելով. «Երբ Ֆրանսան մեծարուի, ատիկա յաճախ կ՛ըլլայ Շարլ Ազնաւուրի երգերուն միջոցաւ»: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մօտ Հայաստանի մնայուն դեսպան եւ անոր ֆրանսախօս խումբին նախագահ Քրիսթիան Տէր Ստեփանեան յիշեց այդ «անհայրենիք զաւակ»ին կեանքին բացառիկ ուղեգիծը եւ անոր մարդասիրական յանձնառութիւնները:

Երեկոյթին ընթացքին լայն բաժին յատկացուեցաւ նաեւ «Ազնաւուր» հիմնարկին, զոր կը ներկայացնէին Ազնաւուրի որդին՝ Նիքոլան եւ անոր կինը՝ Քրիսթինան: Ցուցադրուած տեսանիւթին շնորհիւ ներկաները ծանօթացան հիմնարկի կեդրոնին եւ անոր ծրագիրներուն: Այնուհետեւ կարգը եկաւ երեկոյթի երաժշտական բաժինին, որուն հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր «France 24» պատկերասփիւռի ծանօթ հաղորդավար Աշխէն Վերտեան:

Հայաստանէն, Ֆրանսայէն, Զուիցերիայէն, Խրուաթիայէն, Լիթուանիայէն, Մոլտաւիայէն, Վրաստանէն, Քամըրունէն, Լիբանանէն, Մորիթանիայէն եւ Թունուզէն երգիչներ եւ խումբեր յաջորդաբար ներկայացուցին մեծարեալ արուեստագէտին ամէնէն ծանօթ երգերէն, անխուսափելիօրէն ստեղծելով խոկումի պահեր ու յուզիչ մթնոլորտ։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2019, 08:37