Լիբանանի մէջ Սուրիացիներու գաղթավայր Լիբանանի մէջ Սուրիացիներու գաղթավայր 

Թուրքիոյ Սուրիա ներխուժումին պատճառած զոհերուն թիւը զգալիօրէն կ՛աճի:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ 100,000Ի ԿԸ ՀԱՍՆԻ

ԱՔՉԱՔԱԼԷ, «Ռոյթըրզ».- 11 Հոկտեմբերին, մինչ հիւսիսային Սուրիա ներխուժած թրքական ուժերը կը փորձէին գրաւել Ռաս ուլ Այնը եւ Թել Ապիատը ու կը ռմբակոծէին շրջանի գիւղերը, տարածքի բնակիչներուն արտահոսքը արագացաւ եւ զոհերուն թիւը զգալիօրէն աճեցաւ։

Արդարեւ, ՄԱԿի տուեալներուն համաձայն՝ արդէն 100,000 քաղաքայիններ տեղահան եղած են, սակայն զոհերուն մասին տուալները յստակ չեն։

Մինչ թրքական կողմը կը խօսի առաւել քան 300 քիւրտ զինեալներ սպաննած ըլլալուն մասին, տեղական աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ քանի մը տասնեակ քաղաքայիններու կողքին սպաննուած են 29 քիւրտ զինեալներ եւ թրքական բանակին կողքին կռուող 17 սուրիացի զինեալներ։

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ ցարդ երկու թուրք զինուորներ սպաննուած են։

Նաեւ, իբրեւ հակադարձութիւն Թուրքիոյ վրայ կատարուած յարձակումներուն ընթացքին սպաննուած են առնուազն 7 քաղաքայիններ եւ վիրաւորուած 69 ուրիշներ, Ուրֆայի եւ Մարտինի մէջ։

Աւելի ուշ, ականուած ինքնաշարժի մը պայթումը Սուրիոյ իշխանութեանց հակակշիռին տակ գտնուող Գամիշլիի մէջ պատճառ դարձաւ երեք քաղաքայիններու սպանութեան։

Միւս կողմէ, «Երկիր»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Իրաքի պատմաբաններու միութեան նախագահ դոկտ. Ճաւատ Քարմօ Պէյրանի, մեկնաբանելով Թուրքիոյ ռազմական ներխուժումը՝ ըսաւ, որ Թուրքիա տարիներէ ի վեր մտադիր է գրաւել Իրաքի Մոսուլ եւ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքները՝ պնդելով, որ անոնք թրքական հողեր են։

Ան աւելցուց, որ քիւրտերը պատրաստ են ինքնապաշտպանութեան եւ այդ շարժումը կրնայ տարածուիլ մինչեւ հարաւային Թուրքիոյ քրտաշատ շրջանները՝ եզրակացնելով. «Թուրքիա այս քայլին դիմեց իր ներքին հարցերէն հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու համար. ներքին տագնապէն դուրս գալու համար, Անգարա հարուածներ կը հասցնէ դրացի երկիրներուն»։

Մինչ այդ, Հոլանտայի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ որոշած են սառեցնել Թուրքիոյ խոստացուած բոլոր ռազմական արտածումները։

Նաեւ, Անգարայի իշխանութիւննեը վերջին քանի մը օրերուն, Թուրքիոյ ներխուժումը քննադատած առաւել քան 100 քաղաքացիներ ձերբակալեցին։

Քաղուած  «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2019, 09:00