Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւն 

Որոշուեցաւ առանց առարկութեան կատարել Պոլսոյ Պատրիարքի ընտրութիւնը։

Համայնքային հաստատութիւններու պատասխանատուներու, Կրօնական ժողովի եւ Նախաձեռնարկ մարմինի անդամներուն միջեւ բաց քննարկում կատարուեցաւ։

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 3 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինին հրաւէրով տեղի ունեցած հայ համայնքային հաստատութիւններու պատասխանատուներու, Կրօնական ժողովի եւ Նախաձեռնարկ մարմինի անդամներուն միջեւ բաց քննարկում մը կատարուեցաւ։ Ներկայ էին նաեւ տեղապահ Մաշալեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Աթէշեան սրբազանները։

Ժողովը համակարգողն էր Նախաձեռնարկ մարմինի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու, որ մէկ առ մէկ ձայն տուաւ բոլորին։ Կարծիքները լսելէ առաջ, կարդացուեցաւ Կրօնական ժողովին զեկոյցը, որմէ յայտնի կը դառնար, թէ հոգեւորական դասը կողմնակից է, որ ընտրութեան գործընթացը շարունակուի Կանոնագրութեան լոյսին տակ եւ թեկնածուներ առաջադրուին Պոլսոյ աթոռի միաբան եպիսկոպոսներ՝ Գարեգին արք. Պէքճեան, Արամ արք. Աթէշեան ու Սահակ եպս. Մաշալեան։

Ապա հրապարակուեցաւ Թաղային խորհուրդներու, Խնամակալութիւններու կամ Հոգաբարձութիւններու անդամներուն կատարած քուէարկութեան արդիւնքը՝ Անգարայի յղած կանոնագրութեան դէմ կամ թեր ըլլալու հարցին վերաբերեալ։ Ստացուած արդիւնքը 18-12 համեմատութեամբ էր, այսինքն 18 հաստատութիւններ կողմնակից էին, որ ընտրութեան գործընթացը շարունակուի ներկայ պայմաններու ներքեւ, առանց առարկելու կանոնագրութեան այն կէտին, որ թեկնածուներու առաջադրումը կը սահմանափակէր միայն Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի միաբաններով։

Նախաձեռնարկ մարմինը այս արդիւնքին հիման վրայ գումարեց իր նիստը եւ քուէարկութեան դրաւ հարցը։ Այստեղ, քուէները հաւասար էին՝ 8ով 8։ Բայց նկատի ունենալով համայնքային վարիչներու հանդիպումէն քաղուած արդիւնքը, նաեւ Կրօնական ժողովին կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը, մարմինը որոշեց առանց առարկութեան շարունակել գործընթացը։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2019, 08:00