Ցուցարարներ Էքուատորի մէջ Ցուցարարներ Էքուատորի մէջ 

Էքուատորի նախագահը կրակմար կը յայտարարէ

Ցուցարարներու առաջնորդները յայտարարած են, որ համաձայն են կառավարութեան հետ երկխօսութիւն կատարելու` նախագահ Մորենոյի տուած որոշումէն ետք

Էքուատորի նախագահ Լենին Մորենօ իր երկրի մայրաքաղաք Քեթոյի մէջ կրակմար յայտարարած է, մինչ ցոյցերը կը շարունակուին` մերժելով կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութիւնը: Այս միջոցին ցուցարարները ներխուժած են կառավարութեան շէնքերէն մէկը: Ցուցարարներու առաջնորդները յայտարարած են, որ համաձայն են կառավարութեան հետ երկխօսութիւն կատարելու` նախագահ Մորենոյի տուած որոշումէն ետք` վերատեսութեան ենթարկելու  վառելանիւթին տրամադրուած աջակցութեան դադրեցումը:

Մինչ այդ երկրին իշխանութիւնները յայտարարած են, որ ձերբակալած են մօտաւորապէս 370 ցուցարար, որոնք մասնակցած են կառավարութեան տնտեսական  գործողութիւններուն դէմ բողոքի ցոյցերուն, որոնք կը մերժեն վառելանիւթին չաջակցելու որոշումը:

Յայտնենք թէ ի տես Էքուատորի մէջ տիրող լարուած իրավիճակին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակի 13 հոկտեմբեր 2019-ի Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին իր եւ Ամազոնեան տարածաշրջանի եպիսկոպոսներուն խոր մտահոգութիւնը արտայայտեց Էքուատորը յանձնելով միասնական աղօթքին ու կիրակի օր սրբադասուած նոր Սուրբերու բարեխօսութեան։

«Կը միանամ զոհերու եւ վիրաւորներու ցաւին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը քաջալերելով կողմերը փնտռելու ընկերային խաղաղութիւնը, յատուկ ուշադրութիւն յատկացնելով դիւրաբեկութեան մէջ ապրող բնակչութեան ու մարդկային իրաւունքներուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2019, 09:13