Որոնել

«Հայը եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին մէջ» հատորին ներկայացումը «Հայը եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին մէջ» հատորին ներկայացումը  

Փասատինա. «Հայը եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին մէջ» հատորին ներկայացումը

Արժանի է յիշել, թէ 19 բաժիններէ բաղկացած գիրքը հարուստ է թարգմանական եւ լեզուական մէջբերումներով ու մասնագիտական աշխատանքով հարստացած է օտար եւ հայ աղբիւրներ օգտագործելով, տալով գիրքին ակադեմական խորք:

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Ուրբաթ, 20 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Փասատինայի Հայ Կիլիկիա աւետարանական եկեղեցւոյ «Տէրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանի «Հայը Եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին Մէջ» գիրքին ներկայացումը:

Ունկնդրէ լուրը

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Արա Ասիլեան: Ան բարի գալուստի խօսք ուղղեց մշակութասէր եւ գրականասէր հանրութեան եւ անդրադարձաւ դոկտ. Ահմարանեանի գրական բեղուն վաստակին, ներկայացուց եւ հրաւիրեց եկեղեցւոյ հովիւը՝ վեր. Սերոբ Մկրտիչեանը, որ նաեւ գիրքին յառաջաբանը գրած է՝ ներկայացնելու հատորը:

Վեր. Մկրտիչեան, նախ անդրադարձաւ դոկտ. Ահմարանեանի կենսագրական գիծերուն, նաեւ յիշելով, թէ այս գիրքը կը համարուի հեղինակին 30րդ աշխատասիրութիւնը եւ այս տարի իր գրական վաստակին 50ամեակն է:

Ապա վեր. Մկրտիչեան հետեւեալ հարցումով շարունակեց. «Արդեօք հայը եւ Հայաստանը գոյութիւն ունի՞ն Աստուածաշունչին մէջ»:

Ան ներկայացուց գիրքին պարունակութեան ցանկը եւ մէջբերումներով անդրադարձաւ դոկտ. Ահմարանեանի վերլուծութիւններուն եւ թէ ինչպէ՛ս ան յաջողած է փաստել, թէ հայը եւ Հայաստանը էական եւ կարեւոր տեղ ունին Աստուածաշունչին մէջ:

Արժանի է յիշել, թէ 19 բաժիններէ բաղկացած գիրքը հարուստ է թարգմանական եւ լեզուական մէջբերումներով ու մասնագիտական աշխատանքով հարստացած է օտար եւ հայ աղբիւրներ օգտագործելով, տալով գիրքին ակադեմական խորք:

Հետաքրքրական է տեսնել, թէ գիրքին իւրաքանչիւր բաժինի վերնագիրը թարգմանուած է անգլերէնի եւ գիրքին վերջաւորութիւնը ունի անգլերէնով ամփոփում մը, որ կարծէք հեղինակը ըսել կ՛ուզէ եւ ցոյց կու տայ ոչ հայերէն կարդացողին, թէ հայը աստուածաշնչական ժողովուրդ եղած է եւ պատմութեան ընթացքին միշտ եղած է Աստուածաշունչին հետ:

Ապա ծափահարութիւններով հրաւիրուեցաւ գիրքին հեղինակը, որ փոխանցեց իր շնորհակալական սրտի խօսքը եւ պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Գրական երեկոն ճոխացաւ երբ ներկաները ունկնդրեցին Մարալ Բարսեղեանի հոգեպարար մեներգները, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ տաղանադաւոր դաշնակահարուհի Եսթեր Ասիլեանի:

Երեկոն իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով եւ վեր. Յովհաննէս Մելքոնեանի աղօթքով:

Շնորհահանդէսէն ետք տեղի ունեցաւ գիրքի մակագրութիւն եւ հիւրասիրութիւն:

(Թղթակցութիւնը՝ եկեղեցիէն)

«Քաղուած «Ազպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2019, 08:21