Կոմիտասի 150-ին նուիրուած՝ Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ ԵՈՒՆՍՔՕ-ի Փարիզի կեդրոնակայանի սրահին մէջ:
ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Փարիզի կեդրոնակայանի սրահին մէջ իրականացուեցաւ համերգային ծրագիր, որ նուիրուած էր Կոմիտասի 150-ամեայ յոբելեանին: Երեկոյին փայլուն կերպով հանդէս եկաւ Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբը:
Գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Ռոպերթ Մլքէեանի ղեկավարութեամբ` երգչախումբը արտերկրի ունկնդրին ներկայացրեց Կոմիտասի հարուստ խմբերգային ժառանգութիւնը:
Ասիկա առաջին անգամն է, որ երգչախումբը ելոյթ կ՛ունենայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Փարիզի կեդրոնակայանի սրահին մէջ:
Աւելենք նաեւ, որ Հոկտեմբեր 20-ին նոյն առիթով Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբի մասնակցութեամբ Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ուենցաւ հոգեւոր երաժշտութեան համերգ:
Քաղուած Եռագոյնէն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ