Որոնել

Աղքատութեան  վերացման միջազգային օր Աղքատութեան վերացման միջազգային օր 

ՄԱԿ. միլիոնաւոր մարդոց ծայրայեղ աղքատութիւնը անընդունելի է:

17 Հոկտեմբերին կը նշուի Աղքատութեան վերացման միջազգային օրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աշխարհի մէջ շուրջ 1,2 միլիարդ մարդ ծայրայեղ աղքատութեան մէջ կ՛ապրի։  Անոնց համար մարտահրաւէր ու սպառնալիք են սննդամթերքի, ապաստանի և տարրական ծառայութիւններու  պակասը, վտանգաւոր աշխատանքային պայմանները, ինչպէս նաեւ  քայքայուած և անապահով կենսապայման­ները:

Ունկնդրէ լուրը

Աղքատութեան վերացման միջազգային օրը հաստատուած է նպատակ ունենալով բոլոր երկրներուն մէջ  բարձրացնել աղքատութեան վերացման դէմ պայքարի մասին իրազեկութիւնը:

Օրը կ՛ուզէ նաեւ արժեւորել աղքատութեան մէջ ապրող մարդոց  ջանքերն ու պայքարը, անոնց  հնարաւորութիւն տալով լսելի դարձնել իրենց  մտահոգութիւնը:

Այս օրը կապուած է 1987 թուականի հոկտեմբերի 17-ի հետ, երբ Փարիզի Թրոքատերօ  հրապարակին վրայ  հաւաքուեցան  աւելի քան 100 հազար մարդ, որպէսզի յարգանքի տուրք մատուցեն ծայրայեղ աղքատութեան, բռնութեան և սովի զոհերու  յիշատակին:

Հաւաքին մասնակցողները հաստատած էին  որ աղքատութիւնը մարդու իրաւունքները կ՛ոտնահարէ, ու թէ հարկաւոր է համատեղ ջանքերով պահպանել այդ իրաւունքները: 

Այդ հաւաքէն հինգ տարի անց՝ 1992 թուականի դեկտեմբերի 22-ին, ՄԱԿ-ի գլխաւոր նստաժողովը բանաձև ընդունեց՝ հոկտեմբերի 17ն հռչակելով Աղքատութեան վերացման համար պայքարի միջազգային օր:

ՄԱԿ-ի աղքատութեան վերացման 2019-ի օրուայ բնաբանն է «Միասին գործել մանուկներուն ու անոնց ընտանիքներուն եւ հասարակութիւններուն հնարաւորութիւններ ընծայելու՝ վերջ դնելու համար աղքատութեան»։

Այս ուղղութեամբ ՄԱԿ-ը հաստատած է թէ անընդունելի որ միլիոնաւոր մարդիկ ապրին ծայրայեղ աղքատութեան մէջ աշխարհի մը մէջ որ յատկանշուած է տնտեսական ու արհեստագիտական աննախադէպ զարգացումներով։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2019, 10:32