Եթովպիայի Վարչապետը Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ Եթովպիայի Վարչապետը Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ 

Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակը շնորհուեցաւ Եթովպիայի Վարչապետ՝ Ապի Ահմետ Ալիին։

Օսլոյի մէջ անակնկալ կերպով հնչեց Եթովպիայի վարչապետի անունը՝ Ապի Ահմէտ Ալի։

Յայտարարուեցաւ 2019-ի խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակակիրին անունը, երբ շատեր կը սպասէին որ ան շնորհուէր Կրէթա Թունպէրկին, Օսլոյի մէջ անակնկալ կերպով հնչեց  Եթովպիայի վարչապետի անունը՝ Ապի Ահմէտ Ալի։

Ունկնդրէ լուրը

Ան մրցանակին արժանացած է  «խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն և միջազգային համագործակցութեան գործունէութեան ծիրէն ներս սատարին, մասնաւորապէս, Էրիթրեայի հետ սահմանամերձ հակամարտութեան լուծման վճռական նախաձեռնութեան համար»։

Նշենք թէ  Եթովպիայի և Էրիթրեայի պատերազմը տևած է 20 տարի։ Եթովպիայի վարչապետ Ապի Ահմետ Ալին և Էրիթրեայի նախագահ Իսայաս Աֆևերկին հաշտութեան համաձայնագիր կնքեցին 2018թ–ի յուլիսին, որուն բերումով  ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը  վերացուց Էրիթրեայի դէմ սահմանած արգելքները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2019, 09:21