Կոմիտաս Կոմիտաս 

Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտական ժառանգութեան մասին փառաւոր հատոր մը

Գիրքը կը բացուի նամականիով մը։ Այստեղ հրատարակուած են Կոմիտասի կողմէ զանազաններու գրուած նամակներ։
Ունկնդրէ լուրը

ՊՈԼԻՍ.- Պատմաբան Օսման Քէօքէրի «Պիր Զամանլար Եայընճըլըք» հրատարակչատունը թրքերէն հետաքրքրական հատոր մը հրատարակած էր Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150ամեակին առիթով։ Նորատիպ հատորը, որ այս երկրին մէջ արդէն քաջածանօթ Կոմիտաս վարդապետը թուրք հասարակութեան աւելի յստակ ու աւելի մանրամասնեալ կերպով կը ծանօթացնէ, պատրաստուած է Մելիսա Պիլալի ու Պուրճու Եըլտըզի կողմէ եւ ի լոյս կը բերէ տեղեկութիւններու կարգին հետաքրքրական փաստաթուղթեր, նամակներ, նկարներ, Կոմիտաս վարդապետի երաժշտական գործունէութեան մասին իր կենդանութեան շրջանին կամ անոր մահէն ետք գրի առնուած յօդուածներ։ Գիրքը կը կոչուի «Քալպիմ Օ Վիրան Էվլէրէ Պենզեր» ¤Սիրտս կը նմանի այդ փլած տուներուն)։ Անիկա ունի ենթախորագիր մըն ալ. «Կոմիտաս Վարդապետին Երաժշտական Ժառանգութիւնը»։ Թէեւ երաժշտական կտոր մը լրիւ կը ծանօթացուի այդ կտորը մտիկ ընել տալով միայն, այլ ոչ թէ այդ երաժշտութեան մասին յօդուած գրելով, բայց եւ այնպէս, այս հատորը շատ բան կը սորվեցնէ Կոմիտաս վարդապետի կեանքին ու երաժշտութեան մասին։ Եւ մենք, որքան ալ լաւ ճանչնանք Կոմիտաս վարդապետը, որքան ալ ուսումնասիրութիւններ կարդացած կամ գրի առած ըլլանք Կոմիտաս վարդապետին մասին, սորվելու շատ բան կը գտնենք այս հատորին մէջ։ Ուստի հայ երաժշտասէրը այս հատորին համար շատ շնորհակալ պիտի ըլլայ հրատարակիչին եւ երկու հեղինակներուն՝ Մելիսա Պիլալին եւ Պուրճու Եըլտըզին։

Գիրքը կը բացուի նամականիով մը։ Այստեղ հրատարակուած են Կոմիտասի կողմէ զանազաններու գրուած նամակներ։ Ապա կը հրատարակուին նաեւ յիշողութիւններ Կոմիտասէն։ Կը յաջորդեն յօդուածներ, որոնք կը վերջանան Մելիսա Պիլալի ու Պուրճու Եըլտըզի ստորագրութեամբ հրատարակուած երկու յօդուածներով։ Մասնագիտական տուեալներով օժտուած այս երկու յօդուածները, իրենց կարգին, գիրքի մը տարողութիւնը ունին։ Գիրքին վերջաւորութեան լուսանկարներու հաւաքածոյ մը կայ, որ ինքնին թանգարանի մը համազօր է։

Կոմիտաս 150 տարեկան է ու դեռ կը շարունակէ ապրիլ, ու պիտի շարունակէ ապրիլ, որքան ատեն որ պիտի ունենանք մէկ կողմէ Մելիսա Պիլալներ ու Պուրճու Եըլտըզներ, մէկ կողմէ ալ շնորհալի երգիչներ, որոնք մեզի պիտի երգեն Կոմիտաս։ Կոմիտաս վարդապետը առանձինն ամբողջական հայ երաժշտութիւն է։

«ՄԱՐԱՄԱՐԱ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2019, 08:21