Հնդկաստանի մէջ ողողումներն ու հողի սահանքները Հնդկաստանի մէջ ողողումներն ու հողի սահանքները 

Հնդկաստանի մէջ ողողումներն ու հողի սահանքները մէկ շաբթուան մէջ 130 մարդու կեանք խլած են

Ժրահմափութրա գետը, որ կ՛անցնի Հնդկաստանէն, Չինաստանէն եւ Պանկլատեշէն, յորդած է եւ ողողած աւելի քան 1800 բնակավայր

Հնդկաստանի հիւսիսը յորդառատ անձրեւներու պատճառով ողողումներն ու հողի սահանքները մէկ շաբթուան մէջ շուրջ 130 մարդու կեանք խլած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն:

Այդ տուեալներուն համաձայն, ամէնէն շատ զոհեր արձանագրուած են Ութար-Փրատեշ նահանգին մէջ` 87, ապա Պիհարի մէջ, ուր զոհերուն թիւը հասած է 27-ի: 13 մահ արձանագրուած է Հնդկաստանի երեք այլ նահանգներու մէջ:

Հնդկաստանի հիւսիսը շարք մը շրջաններու մէջ կը շարունակեն փակ մնալ ուսումնական եւ պետական հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ ճաշարանները, խանութներն ու կրպակները:

Ժրահմափութրա գետը, որ կ՛անցնի Հնդկաստանէն, Չինաստանէն եւ Պանկլատեշէն, յորդած է եւ ողողած աւելի քան 1800 բնակավայր: Հնդկաստանի հիւսիսային Պիհար նահանգին մէջ շուրջ 2 միլիոն մարդ հեռացուած է շրջանէն ողողումի վերահաս վտանգի պատճառով: Այս մասին յայտնած է կառավարութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2019, 08:00