Հայաստանի մէջ բացուած է Եզիտիներու ամենամեծ տաճարը: Հայաստանի մէջ բացուած է Եզիտիներու ամենամեծ տաճարը: 

Հայաստանի մէջ բացուած է Եզիտիներու ամենամեծ տաճարը:

Կոթողը կառուցուած է Ռուսաստանաբնակ եզիտի բարերարներու եւ եզիտիական համայնքի ջանքերով

 «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթը կը գրէ․ «Հազարաւոր եզիտիներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանեցին Հայաստան` մասնակցելու ՀՀ Արմաւիրի մարզի Ակնալիճի եզտիական սրբատեղիին մէջ այս Կիրակի՝ Սեպտեմբեր 29-ին, տեղի ունեցած Տաուսէ Մալակի (Quba heft merê dîwanê u Tawûsê Melek)) տաճարի օծման եւ բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Ան աշխարհի ամենամեծ եզիտիական տաճարն է: «Թերթին հետ զրոյցի ընթացքին ԱԺ պատգամաւոր Ռուստամ Պաքոյեան նշած է, որ սրբավայրի բացման առիթով ժամանած են նաեւ եզիտիական համայնքի քաղաքական եւ զինուորական ուժերու ղեկավարները, որոնց մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է փակ հանդիպում-քննարկում իրենց յետագայ ընելիքներուն վերաբերեալ:

Պատգամաւորը այս ամրան երկու անգամ այցելած է Իրաք: Երկու այցելութիւններու ժամանակ ձեռքբերուած ամենամեծ եւ կարեւոր յաջողութիւնը ան կը համարէ այն, որ 5 տարուան անհամաձայնութենէն ետք Իրաքի մէջ գործող 4 եզիտիական քաղաքական ուժերը յաջողած են համագործակցութեան եզրեր գտնելու: Որոշուած է 2020 թուականի Ապրիլին կայանալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն մասնակցիլ մէկ ընդհանուր դաշինքով, միւս կէտերը կը վերաբերին կառավարման համակարգին մէջ համաձայնութիւն ունենալուն եւ ամենակարեւորը` եզիտիներու մէկ միասնական բանակ ստեղծելուն: «Մինչ այսօր քաղաքական ուժերը չէին կրնար համախմբուիլ, իսկ համախմբման արդիւնքով հնարաւորութիւն պիտի ունենանք բարելաւելու եզիտիական համայնքի վիճակը: Ատով պայմանաւորուած պիտի ըլլայ Սինջարի` Իրաքի եզիտիներու ապագան»,- ընդգծած է պատգամաւորը»:

Նշենք․ որ կոթողը կառուցուած է Ռուսաստանաբնակ եզիտի բարերարներու եւ եզիտիական համայնքի ջանքերով եւ շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ ապրող եզիտիներու համար: Այն աշխարհի ամենամեծ եզիտիական սրբավայրն է:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2019, 08:18